Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու առաջին անգամ ըլլալով ընդունած է Լիբանանի մէջ փէյճըրներու պայթեցման իր պատասխանատուութիւնը:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահու իսրայէլեան կառավարութեան ժողովի ընթացքին ստանձնած է Լիբանանի մէջ փէյճըրներու պայթեցման պատասխանատուութիւնը: «Ականջ չտուի այն զգուշացման, թէ Ուաշինկթըն գործողութեան դէմ պիտի ըլլայ», ըսած է ան:
«Փէյճըրներու պայթեցման եւ (Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան) Նասրալլայի ահաբեկման գործողութիւնները տեղի ունեցան հակառակ ապահովական մարմիններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ընդդիմութեան», յայտարարած է Նեթանիահու:
Իսրայէլի վարչապետը աւելցուցած է. «Կային նախարարներ, որոնք դէմ արտայայտուեցան որոշումներու, որոնց ես կը զօրակցէի, ինչպէս` Հասան Նասրալլան սպաննելու ու Ռաֆահ մուտք գործելու որոշումները»:


