Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմեր անցեալ շաբաթ գաղտնաբար այցելած է Ռուսիա` ջանալով Լիբանանի հետ կարգաւորման հասնիլ:
«Կը նախատեսուի, որ Ռուսիան կարեւոր դեր ստանձնէ զինադադարի հաւանական համաձայնութեան մը մէջ, եթէ Իսրայէլը եւ Հըզպալլան զայն գոյացնեն` երաշխաւորելու համար Լիբանանի կացութեան փոփոխութիւնն ու կուսակցութեան զինման արգիլումը», կը նշէ ձայնասփիւռի կայանը:
Այցելութիւնը տեղի ունեցած է շաբաթ, 26 հոկտեմբերին, Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումէն քանի մը օր ետք:
Մինչ այդ, աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեցին. «Տերմեր Ուաշինկթըն կը մեկնի քննարկելու համար Լիբանանի հետ կարգաւորման մանրամասնութիւնները»:
Կայանը յայտնեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը լրջօրէն կը սերտէ Հըզպալլայի հետ ժամանակաւոր զինադադարի համաձայնութիւնը` մեկնելով Թել Աւիւի մէջ ղեկավարներուն մօտ այն լուրջ մտավախութենէն այն հաւանականութեան նկատմամբ, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կրնայ որդեգրել որոշում մը, որ կրնայ մեծապէս սահմանափակել զինուորական գետնի վրայ Իսրայէլի գործելու ազատութիւնը:
Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ գործող նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին յղած է պատգամ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ` «Իսրայէլի հիւսիսին մէջ բռնարարքներու հարցին լուծման մէջ յառաջընթաց արձանագրելու»:
«Լիբանանի մէջ Պայտընի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի ղեկավարութեամբ եւ Թրամփի քաջալերանքով կարգաւորման առիթները աճ կ՛արձանագրեն», նշած են պաշտօնատարները:
Անոնք նաեւ նշած են. «Մեծ ջանքեր կը թափուին գերիներու փոխանակման փոքր գործարք մը դասաւորելու համար»: