Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Ռիատի մէջ այսօր նախատեսուած արաբական-իսլամական վեհաժողովի նախապատրաստման նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանան այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունի արաբական եւ իսլամական աշխարհներու աջակցութեան: Ձեզ տեսած ենք բոլոր դժուարութիւններուն եւ տանգապներուն մէջ, իբրեւ թիկունք եւ եղբայր: Կոչ կ՛ուղղենք ձեզի դադրեցնելու համար բազմազանութեան, կրօններու եւ քաղաքակրթութեան համակեցութեան վայր եղող Լիբանանը ջնջելու պատերազմը»:
«Լիբանան տեւական լուծումի վերաբերեալ իր դիրքորոշումն ու պատկերացումը յստակօրէն արտայայտեց` կոչ ուղղելով նախ եւ առաջ անմիջական զինադադար հաստատելու, սահմանին վրայ հանդարտութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնելու, սահմանի երկու կողմերուն բոլոր քաղաքայիններուն իրենց քաղաքներ, գիւղաքաղաքներ եւ գիւղեր վերադառնալու` ամբողջական եւ զուգահեռ գործադրութեամբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, որուն հիմամբ Լիթանի գետէն հարաւ օրինական միակ իշխանութիւնը ըլլայ Լիբանանի կառավարութեան իշխանութիւնը եւ այդտեղ առանց Լիբանանի կառավարութեան համամտութեան զէնք չըլլայ, ինչպէս վերոնշեալ որոշումին մէջ նշուած է», ըսաւ Պու Հապիպ:
«Միեւնոյն ժամանակ, Լիբանան մտադիր է ամրապնդել իր զինեալ ուժերու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայումը, եւ լիբանանեան կառավարութիւնը որոշեց շուրջ 1500 զինուորներ զինուորագրել եւ մարզել, առ ի պատրաստութիւն յաւելեալ 5000 զինուորներու ուղարկման, որպէսզի միանան արդէն իսկ այդ շրջանին մէջ գտնուող շուրջ 4500 զինուորներուն: Եւ նաեւ կը յուսանք այդ տեղակայման պայմաններու ապահովման ձեր աջակցութիւնն ու թիկունք կանգնիլը», յայտնեց ան:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան կը շեշտէ իր կառչածութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ կը դատապարտէ անոր անդամներուն կամ կեդրոններուն վրայ որեւէ յարձակում:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը կոչ ուղղեց` «մեր կողքին կանգնեցէք, որպէսզի Լիբանան եղբայրութեան, համակեցութեան, խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր արաբներուն եւ իսլամներուն զբօսաշրջական ու մշակութային դէմքը ըլլալուն վերադառնայ: Մենք մեր գտնուած այս զգայուն պայմաններուն մէջ կը սպասենք եւ կարիքը ունինք արաբական-իսլամական քաղաքական, բարոյական ու մարդասիրական աջակցութեան»:


