Աղբիւրներ սէուտական «Հատաս» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնած են. «Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման նախագիծին կէտերը նոր չեն, եւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն զայն նախապէս ներկայացուցած է»:
Աղբիւրները կը նշեն. «Ժամանակաւոր զինադադարը պիտի սկսի գործադրուիլ 20 նոյեմբերին եւ 5 շաբաթ պիտի տեւէ»:
«Նախագիծը կը նշէ, որ Իսրայէլ պէտք է դադրի թիրախաւորել Լիբանանը, որուն դիմաց Հըզպալլան կը դադրեցնէ հրթիռարձակումը, եւ անոր վերազինումը կ՛արգիլուի», աւելցուցած են աղբիւրները:
«Հոքշթայնի նախաձեռնութեան պայմաններու փոփոխութիւնը կը բխի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերընտրութենէն», կը յայտնէ աղբիւրը:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, թէ Հոքշթայնի Լիբանան այցելութիւնը Թրամփի կանաչ լոյսով տեղի պիտի ունենայ:
«Ժամանակաւոր զինադադարի ընթացքին աշխատանք պիտի կատարուի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ վիճելի կէտերուն շուրջ», կը պնդեն աղբիւրները: