Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Վերջինս խորհրդարանի նախագահը դրաւ Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւրընկալած Արաբական-իսլամական վեհաժողովի արդիւնքներուն, այդ վեհաժողովի ծիրին մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն եւ կատարած հաղորդակցութիւններուն մթնոլորտին մէջ:
Հանդիպումը առիթ մըն էր արծարծելու քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու թղթածրարը:
Պըրրի նաեւ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին եւ անոր հետ քննարկեց ներկայ զարգացումները:


