Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ «բաց պատերազմ»-էն դուրս գալու յոյսի նշոյլ չի տեսներ:
Ան նշեց, որ լիբանանեան իւրայատկութիւնը յարգող նահատակ սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումէն ետք, «որ լիբանանեան իւրայատկութիւնը կը յարգեր, «Հըզպալլայի մէջ չմնաց մէկը, որուն հետ երկխօսութիւն կատարենք»:
«Իմ կարծիքով, երկխօսութիւն կատարողը, որ Լիբանանը կը հասկնար, այլեւս չկայ: Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆ յայտնեց, որ իրենք բանակցութիւններու մասին չեն լսած: Ես ատիկա կրնամ ըսել, որովհետեւ բանակցութիւններէն հեռու եմ, իսկ ան Հըզպալլայի անունով կը խօսի: Կարծիքովս` աւելի լաւ է Իրանի հետ երկխօսութիւն կատարենք: Ի միջի այլոց, Իրանի իսլամական հանրապետութենէն պաշտօնատար մը շուրջ երեք շաբաթ առաջ ուզեց հետս հանդիպում ունենալ, սակայն մերժեցի», նշեց Ժոմպլաթ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավարը նաեւ հարց տուաւ. «Ո՞վ ըսաւ, թէ պատերազմը պիտի դադրի, բացի այստեղէն կամ այնտեղէն բանակցութիւններու գոյութեան շուրջ մեր լսած տարաձայնութիւններէն, այդ առնչութեամբ ոչինչ լսեցի, եւ չունիմ որեւէ տուեալ, թէ պատերազմը շուտով պիտի աւարտի»:
«Հիմնական եւ կարեւոր հարց մը կայ. սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումէն առաջ Հըզպալլայի եւ կարգ մը լիբանանցիներու միջեւ ուղղակի կերպով երկխօսութիւն կատարելու առիթ կար: Ես անոր հետ երկխօսութիւն կը կատարէի (կուսակցութեան կապի եւ համակարգումի միաւորի ղեկավար) Ուաֆիք Սաֆայի ճամբով: Սէյիտ Նասրալլան որոշ չափով կը հասկնար Լիբանանի ու հարաւի կացութիւնը: 27 սեպտեմբերէն ետք, երբ իսրայէլացիները զինք սպաննեցին, ամէն բան փոխուեցաւ: Տեղացի երկխօսութիւն կատարող մը չմնաց, եւ Լիբանանը այսօր Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ բաց պատերազմի բեմ է:
«Կը յիշեցնեմ, որ սէյիտ Հասանի օրերուն, եւ ասիկա կարեւոր է, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ու վարչապետ Նեժիպ Միքաթին ծովային սահմանագծում կատարեցին, ապա Պըրրին փորձեց, մասնաւորաբար ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի ճամբով, ցամաքային սահմանագծում կատարել եւ թիւ 13 կէտի հարցը լուծել:
«Այստեղ կը յիշեցնեմ նաեւ, որ դիրքորոշումս էր եւ կը շարունակէ մնալ այն, որ Մազարեհ Շեպաան ու Քֆարշուպայի բարձունքները սուրիական հողեր են եւ մինչեւ այս պահը այդպէս են, ուստի սահմանագծումը կը կատարուի միայն լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն միջեւ, երբ երկու կողմերը ատիկա ընդունին: Ասիկա կ՛ըսեմ նշելու համար, որ այսօր չենք գիտեր որո՛ւ հետ երկխօսութիւն կը կատարենք, եւ իմ կարծիքով` սէյիտ Նասրալլայի ահաբեկումէն ետք պատերազմը բաց դարձաւ»:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կը փափաքի Միացեալ Նահանգները Իրանի հետ պատերազմի մէջ ներքաշել: Չեմ գիտեր: Ինչպէս նաեւ մենք չենք ուզեր բաց դաշտ մնալ: Կը մերժեմ Իրանի իրաքեան կարգ խմբաւորումները կամ հուսիները Իսրայէլի հետ իր պատերազմին մէջ օգտագործելը: Լիբանանի մէջ ես դէմ եմ բաց ճակատին, եւ կը զօրակցին սահմանագծման, զինադուլի հաստատման` բանակը ամրապնդելէ ետք հարաւային Լիբանան ուղարկելով: Այստեղ զարմանք կը յայտնեմ կեցուածքին նկատմամբ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմի, որ կը մերժէ նուազագոյն թիւով զինուորներու զինուորագրումը», նշեց Ժոմպլաթ:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ յայտնեց. «Ես չեմ հասկնար բանակի հրամանատարին շուրջ այս ամբողջ աղմուկը: Մարդը հայրենիքին ծառայած է եւ լաւագոյն ձեւով ղեկավարեց բանակը: Ինչո՞ւ ներքին պատճառներէ բացի անոր ընդդիմանալը: Պատերազմի ընթացքին բանա՞կը քննադատենք: Ասիկա անհեթեթութիւն եւ խենթութիւն է»:
«Հանրապետութեան նախագահի խնդիրը կախեալ է Պըրրիի մօտ երկխօսութեան սեղանէն: Նախագահութեան հարցին մէջ ոեւէ մէկու առաջադրման հարցին մէջ պիտի չմտնեմ: Եւ ատիկա ամէն պարագայի Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին կը վերաբերի», նշեց ան:
«Բանակի սպայակոյտի պետի հաստատման կոչ ուղղեցի, սակայն պաշտպանութեան նախարարը կ՛ընդդիմանայ: Սակայն հակառակ ատոր, անխուսափելի է հաստատումը սպայակոյտի պետին, որուն ներկայութիւնը բանակի հրամանատարին գործունէութեան ազատութիւն կու տայ», ըսաւ Ժոմպլաթ:


