Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մեկնաբանեց իր պայմաններով լուծումի եւ ի շահ իրեն կարգաւորման Իսրայէլի առաջարկը` նշելով. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է. զինադադար եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրում: Ետքը, կա՞յ ողջախոհ անձ մը, որ կը կարծէ, թէ համաձայն պիտի ըլլանք կարգաւորման մը կամ լուծումի մը, որ Իսրայէլի շահը կ՛ապահովէ ի վնաս Լիբանանի եւ անոր գերիշխանութեան»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:
«Անցեալ սեպտեմբերին ֆրանսացիները առաջարկեցին նախաձեռնութիւն մը, որ որդեգրուեցաւ ամերիկացիներուն կողմէ, բազմաթիւ պետութիւններու կողմէ ստորագրուեցաւ եւ բացայայտուեցաւ պատերազմին վերջ տալու կոչի ձեւով: Բոլորը ընդառաջեցին այդ կոչին, բացի Իսրայէլէն, որ միակն էր, որ անոր չընդառաջեց եւ այդ ջանքը ականահարեց: Այժմ այդ կոչը մեր ետին է, եւ անոր ետդարձ չկայ, որովհետեւ պահանջուածը զինադադարն է եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը առանց ոչ իսկ մէկ տառ աւելիի կամ նուազի, եւ ատոր շուրջ է, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ համաձայնեցանք»:
Մեկնաբանելով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եիսրայէլ Քացի յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլ Հըզպալլային յաղթած է, Պըրրի ըսաւ. «Ո՞ր յաղթանակին մասին կը խօսին, Կազայի մէջ յաղթեցի՞ն, 13 ամիս պատերազմէ ետք, եւ չկրցան գերիները վերադարձնել, չկրցան Համասը ոչնչացնել: Ընդհակառակն` Համաս տակաւին կը կռուի եւ կատաղի կերպով կը դիմադրէ, իսկ իսրայէլացի գերիները տակաւին իր մօտ են:
«Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ղեկավարներու ահաբեկումներ կատարեցին, տուներ քանդեցին, քաղաքային շէնքեր քանդեցին եւ քաղաքայիններ սպաննեցին: Ատիկա յաղթանա՞կ էր, իրողական գետնի վրայ յաղթեցի՞ն, այդ ահաբեկումները եւ ամբողջ քանդումն ու սպանութիւնը զիրենք յաղթելու կարող դարձուցի՞ն: Լիբանանի վրայ պատերազմի սկիզբէն 45 օր անցաւ, եւ իրենց օգտագործած ամբողջ ուժով չկրցան յառաջխաղացք արձանագրել եւ թիրախաւորուած լիբանանեան գիւղերուն մէջ որեւէ տեղ տեղաւորուիլ: Ընդհակառակն` կը ներթափանցեն, ապա կը փախչին, այս իմաստով մարտական դաշտին մէջ ոչինչ փոխեցին: Մարտի դաշտն է, որ վերջ ի վերջոյ իր խօսքը կ՛ըսէ»:
Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի մտահոգութեան, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կրնայ իր դէմ որոշում որդեգրել, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը յայտնեց. «Իսրայէլ ե՞րբ յարգեց Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները, ե՞րբ անոնց կարեւորութիւն ընծայեց, եւ եթէ զանոնք կը յարգէր եւ անոնցմէ կը մտահոգուէր, գործադրած կ՛ըլլար որդեգրուած որոշումներու շարքը, մասնաւորաբար թիւ 242 եւ 338 որոշումները, յարգած կ՛ըլլար թիւ 1701 որոշումը, զոր աւելի քան 30 հազար անգամ խախտեց»:


