Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները «բազմիցս կը յայտարարեն Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու փորձի մասին, սակայն առանց արդիւնքի հասնելու, ինչ որ կա՛մ կեղծաւորութիւն է, կա՛մ անկարողութիւն, կա՛մ ալ երկուքը»: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Արաղչի լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք բազմիցս ըսինք, թէ այն, ինչ որ ամերիկեան իշխանութիւնները կը յայտարարեն, մեզի համար արժեչափ չէ, այլ արժեչափը անոր վարմունքն է»:
«Իրանի եւ Ամերիկայի միջեւ միշտ հաղորդակցութեան խողովակներ կան: Երբեմն մեր եւ Ամերիկայի միջեւ տարակարծութիւնները շատ խորքային կ՛ըլլան եւ կրնան չլուծուիլ, սակայն պէտք է զանոնք կառավարենք լարուածութիւնները մեղմացնելու համար», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: