Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու ուղիները դիւանագիտական ջանքերն են»:
«Լիբանանի մէջ պատերազմին վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրելն է, ներառեալ Հըզպալլան ապազինելը», աւելցուց նախարարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Իսրայէլ Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան բարելաւման քայլեր որդեգրեց` ընդառաջելով արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի նամակին»:
Մարդասիրական կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին ամերիկեան կազմակերպութիւններ կը պնդեն, թէ Իսրայէլ յանձնառու չէ Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան բարելաւման: