Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն քարտուղարն է Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Օմրան Ռիզան եւ անոր աշխատանքային խումբը:
Նիստին ներկայ էին նաեւ պաշտպանութեան նախարարի, Հարաւի խորհուրդի, Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները:
Ժողովը քննարկեց տունդարձ կատարող տեղահանուածներու մարդասիրական օժանդակութեան թղթածրարն ու կանուխ ոտքի կանգնելու ծրագիրը:
Յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ ժողովի աւարտին յայտնեց. «Հանդիպումին նպատակն էր գնահատել կարիքները եւ ճշգրիտ կերպով որոշել անոնց մարդասիրական օգնութեան ջանքերու ծաւալները: Պարոն Օմրանէն իմացանք, թէ տեղահանուածներուն համար կայ շուրջ մէկ միլիառ տոլարի օգնութեան խնդրանք, սակայն ատոր մեծ մասը ապահովելու հարցին մէջ դժուարութիւններ կան:
«Խօսուեցաւ անհրաժեշտ պահանջներուն մասին եւ որոշուեցաւ, թէ բոլոր վերադարձողներուն համար այսօր ի՛նչ պիտի կատարուի եւ ի՛նչ պիտի իրականացուի»:


