«Երկրին վիճակը օր ըստ օրէ կը վատթարանայ, Լիբանան ենթակայ է Ատլանտեան եւ սիոնական ահաբեկչական պատերազմին», յայտարարեց Ժաաֆարական միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան` քննադատելով երկրի վարիչներուն կեցուածքը շրջանի անցուդարձերուն գծով:
«Տեսէք ձեր երկիրը ինչպիսի կացութեան յանգած է, օր ըստ օրէ կացութիւնը կը վատթարանայ, եւ երկիրը կը գտնուի ընկերային, տնտեսական, ազգային, բարոյական ու արհեստագիտական ոլորտներու յոռեգոյն յատակին», յայտարարեց միւֆթի Քապալան:
Ան երկրի բոլոր դժուարութիւնները վերագրեց տեղական վարիչներու թերացման` ահազանգելով, որ երկիրը կը գտնուի խիստ ճակատագրական պահու մէջ, ուր ամէն բան վտանգուած է` ապահովութիւնը, ազգային գործակցութիւնը, ներքին անդորրութիւնը, այսպիսի յանձնուողական իշխանութեան ընտրանքներուն պատճառով:
Միւֆթի Քապալան նաեւ քննադատեց շրջանի կարգ մը երկիրներու կեցուածքները, ուր ամերիկեան գերակայութեան շնչերակը խեղդամահ կ՛ըլլայ Հորմուզի նեղուցին մէջ, իսկ Եւրոպան մեղսակից է Միջին Արեւելքը կլանելու ամերիկեան ախորժակներուն»: Շրջանային երկիրներու Քապալանի քննադատութենէն զերծ չմնացին նաեւ արաբական ու իսլամական այլ երկիրներ, ինչպէս` Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Փաքիստան:


