«Անկախներ Լիբանանի համար» հանդիպումին հրաւէրով շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2026-ին Պէյրութի «Լը Կրէյ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ «Քրիստոնեայ համագումար Հարաւի զօրակցութեան համար» խորագրեալ յատուկ համագումար մը` մասնակցութեամբ լիբանանեան զանազան խմբաւորումներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, հոգեւորականներու, լրագրողներու, մշակութասէր ու քաղաքական դէմքերու:
«Բոլորս հայրենիքին, բոլորս Հարաւի համար» նշանախօսքով սկսած այս համագումարին ընդառաջելով իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը: Այս առիթով Հարաւի գծով իրենց կեցուածքին մասին ելոյթներ ունեցան զանազան քրիստոնեայ քաղաքական գործիչներ, ինչպէս` խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Ապու Սաապ, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, Մարատա կուսակցութեան ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ներկայացուցիչ Վերա Եամմին եւ այլ մասնակիցներ: Մասնակիցները իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին իրենց զօրակցութիւնը հարաւային Լիբանանին` դատապարտելով իսրայէլեան յարձակումները:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: «Հարաւը Լիբանանի անբաժան մասն է եւ ոչ թէ յատուկ խմբակի մը առնչուող տարածք», յայտարարեց Բագրատունի: Բագրատունի բնորոշեց Հարաւի պատկանելիութիւնը Լիբանանին` դիտել տալով, թէ այդ շրջանը մաս կը կազմէ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: Բագրատունի մերժեց համայնքային պիտակաւորումով ներկայացնել հարաւային Լիբանանը` նշելով, որ հարաւային Այն Ըպըլ, Ռըմէյշ, Տըպըլ, Քաուզահ եւ Քլէյհա շրջանները քարտէսի վրայ գտնուող սոսկ անուններ չեն, անոնք կը ցոլացնեն լիբանանեան ընկերային-քաղաքական իրավիճակ:
«Ծաւալապաշտական մղումներուն դիմադրելը պէտք չէ նկատել իբրեւ ժողովուրդի մը, կրօնի մը կամ խմբաւորումի մը դէմ ուղղուած յարձակում, այլ անիկա կը բխի հայրենիքի պաշտպանութեան, ժողովուրդի մը իր հայրենական հողամասի եւ անոր սրբավայրերու պաշտպանութեան իրաւունքի արտայայտութենէն, ժողովուրդներու իրենց ճակատագիրի ինքնորոշման, պետութիւններու գերիշխանութեան պաշտպանութեան սկզբունքէն բխող դրսեւորում է, Լիբանանի բազմազանութեան ու համակեցութեան օրինակ ըլլալու արտայայտութիւնն է», շեշտեց Բագրատունի:
Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի վրայ զինուորական յարձակումներու կասեցումը բաւարար չէ, աւելին` գետնի վրայ ապահովական ու աշխարհագրական իրողական նոր վիճակներու յառաջացումը հարցականներ կը ստեղծէ, թէ ինչպիսի՛ նոր համակարգ կամ վարչակարգ կ՛ուզենք:
«Բազմազանութիւնը պաշտպանել չի նշանակեր կամ չ՛ենթադրեր տուեալ երկրի կամ շրջանի մը մասնատումը, նմանապէս` հարաւային Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ ներկայութեան պաշտպանութիւնը զայն իր արաբական կամ միջինարեւելեան շրջապատէն մասնատել չի նշանակեր», դիտել տուաւ ան: «Իսկական պաշտպանութիւնը կը հիմնուի պետութեան, հաւասար քաղաքացիութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդկային իրաւանց, միջազգային օրէնքի յարգումի եւ անխտիր բոլոր բաղադրիչ տարրերու պաշտպանութեան վրայ», ընդգծեց Բագրատունի` իր խոր յարգանքն ու խոնարհումը արտայայտելով բոլոր անոնց, որոնք պաշտպանեցին եւ կը պաշտպանեն 10.452 քառ. քմ տարածութեամբ լիբանանեան հայրենիքը:


