Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը հաւանութիւն տուաւ 2027-ի պետական ամավարկին եւ օրական փոխադրութեան համար նպաստի արժէքը 5 լիթր պենզինի համարժէք չափով բարձրացնելու որոշումին:

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմող զինուորական խումբը հրաւէր ստացած է 22 հոկտեմբերին Ֆլորիտայի Թամփա քաղաքին մէջ իսրայէլեան բանակցային պատուիրակութեան հետ ժողովին մասնակցելու»:

. ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ մօտիկ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամին Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը իր ձեւով ու պարունակութեամբ լիբանանեան կողմի ակնկալածէն աւելի յաջող էր, որովհետեւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ լայն հաղորդակցութիւններու եւ հանդիպումներու ճամբով յաջողեցաւ լիբանանեան սկզբունքները վերահաստատել»:

. «ՍՓԱԹ ՇՈՒԹ»-Ի աղբիւրը յայտնած է. «Ամերիկացի պաշտօնատարներ Նիւ Եորքի մէջ իր հանդիպումներուն ընթացքին վարչապետ Նաուաֆ Սալամին յայտնած են, որ անհրաժեշտ է Միջազգային դրամական ֆոնտին ու Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան միջեւ ելեւմտական բացի շուրջ համաձայնութիւնը վճռել, անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարել եւ զանոնք խորհրդարանին ներկայացնել:

Ըստ տեղեկութիւններուն, Ուաշինկթըն կ՛ուզէ թղթածրարը խորհրդակցութիւններու փուլէն արագօրէն փոխանցել օրէնսդրութեան, երբ վնասներու բաշխման գործիքակազմի որոշման եւ պահ դրուած գումարներ ունեցողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ձգձգումը դարձաւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնագիրի կնքման հիմնական խոչընդոտը»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, մեծ հեղինակութիւն մը նախատեսած է, որ յառաջիկայ փուլին Հըզպալլայի հետ պետութեան լարուածութիւնը աճ արձանագրէ` հաշուի առնելով վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Ուաշինկթըն այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ այցելութեան պարունակած պատգամներն ու դիրքորոշումները, որոնք, հաւանաբար, պիտի արտացոլան կուսակցութեան, անոր զէնքին, ելեւմուտքին, պետութեան դերին եւ անոր որոշման վերաբերող թղթածրարներու նկատմամբ կառավարութեան մօտեցման մէջ:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան օդուժը սեպտեմբերին հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատկանող աւելի քան 370 թիրախներ հարուածած է, իսկ Կազայի մէջ աւելի քան 140 թիրախներ:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Վարչապետը նախագահէն զայրացաւ, երբ ան դրամատուներու իրավիճակի բարեկարգման եւ վերակազմակերպման վերաբերեալ օրէնքին դէմ Սահմանադրական խորհուրդին բողոքարկում ներկայացուց»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնած են, որ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ յառաջիկայ օրերուն պիտի ստորագրուէր համաձայնագիր մը: Սակայն, նախագահ Ժոզեֆ Աունի կողմէ Սահմանադրական խորհուրդին դրամատնային վերակազմակերպման օրէնքին վերաբերեալ բողոքը պիտի սառեցնէ ստորագրումը, մինչեւ որ խորհուրդը որոշէ օրէնքի ճակատագիրը:

Ըստ տեղեկութիւններու, վերջին ժամերուն Լիբանան հասած են միջազգային ազդանշաններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտը, որ հաւանութիւն տուած էր վերոնշեալ օրէնքին, պիտի յետաձգէ համաձայնագիրի իրականացումը` վախնալով, որ կրնան մտցուիլ էական փոփոխութիւններ, որոնք Միջազգային դրամական ֆոնտի տեսլականին չեն համապատասխաներ:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլան համոզուած է, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին ստացած ծանր հարուածներէն ետք անցած է դիմադրողականութեան փուլը եւ մուտք գործած անոր մէջ ներդրումներ կատարելու փուլ` իր ամուր ժողովրդական ու կազմակերպական հիմքը վերականգնելու համար»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, կառավարութեան կազմի բարեփոխման նիւթը վերստին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ, երբ փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի հերքեց այդպիսի առաջարկի մը գոյութիւնը` ըսելով, թէ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ առաջարկուող որեւէ բարեփոխումէ տեղեակ չէ, ուստի անտրամաբանական է, որ այդպիսի ուղղուածութիւն մը գոյութիւն ունենայ եւ վարչապետը անկէ տեղեակ չըլլայ:

. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, կ՛աճի մտավախութիւնը շուկային մէջ տոլարի սակաւութեան կարելիութեան եւ առեւտրական հաշուեկշիռի շարունակական բացին դրամական փոխարժէքի վրայ ազդեցութեան նկատմամբ, ինչ որ կրնայ յառաջիկայ փուլին լրացուցիչ ճնշում գործադրել արժութային շուկային վրայ եւ մեծցնել դրամավարկային տատանումներու սրութիւնը:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Որոշ ատենէ ի վեր ելեւմուտքի նախարարութենէն խումբի մը եւ Քազինոյի վարչութենէն խումբի մը միջեւ կը գումարուին ժողովներ` երկու կողմերուն միջեւ գոյացնելու համաձայնութիւն մը, որ կը ճշդէ ելեկտրոնային բախտախաղի, ներառեալ մարզաձեւերու առնչուած բախտախաղի ոլորտի կառավարման գործիքակազմը»:

. «ՍՓՈԹ ՇՈՒԹ»-Ի աղբիւրը յայտնած է, որ նախագահ Ժոզեֆ Աունի Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին թափած ջանքերուն շնորհիւ մշակուած է Լիբանանի ելեկտրականութեան ճգնաժամը լուծելու ճամբու քարտէս մը, որ կը սկսի Սուրիոյ միջոցով արագ լուծումէն եւ կ՛աւարտի Լիբանանի մէջ մշտական նախագիծով:

Ըստ տեղեկութեան, Քաթար պատրաստակամութիւն յայտնած է առաջին փուլին բացառիկ ֆինանսաւորում տրամադրելու Սուրիայէն ելեկտրականութիւն ներածելու համար: Ատիկա պիտի արտօնէ աւելցնել ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերը եւ թեթեւցնել Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան վրայ ճնշումը, մինչ անհրաժեշտ թեքնիք եւ քաղաքական դասաւորումները կը կատարուին»:

. ՊԱՆԴՈԿՆԵՐՈՒ սեփականատէրեր «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած են, որ իրենց եկամուտերը այս ամառ 40 առ հարիւրով նուազած են, եւ շահագործման ծախսերու բարձրացումը պատճառ կը դառնայ, որ անոնցմէ ոմանք փակումի վտանգ դիմագրաւեն, մանաւանդ այս ոլորտին համար վատ ամառնային եղանակի լոյսին տակ:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» կը հաղորդէ, որ ապրուստի ոլորտով հետաքրքրուողներու գնահատականներու համաձայն, սղաճը ուշագրաւ կերպով աւելի ազդած է սառնարանային ապրանքներուն, քան միւսներուն վրայ, որովհետեւ սառնարաններու օգտագործում պահանջող ապրանքներու արժէքը կրկնապատկուած է:

. «ՍՓՈԹ ՇՈՒԹ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «ամերիկեան վարչակազմը կը պատրաստուի Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի աջակցութեան յատկացուած տնտեսական խորհրդաժողովի մը գումարման` Արաբական ծոցի երկիրներու, ներառեալ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զգալի մասնակցութեամբ:

«Ըստ տեղեկութիւններու, խորհրդաժողովին նպատակն է Լիբանանին ելեւմտական ու տնտեսական ծածկոյթ ապահովել, իսկ Արաբական ծոցի երկիրներու ներդրումները կախեալ են անհրաժեշտ բարեփոխումներու իրականացումէն եւ պետական հաստատութիւններու վերականգնումէն: Խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները կը համընկնին նախագահ Ժոզեֆ Աունի կողմէ Ռիատէն ու Տոհայէն ստացած աջակցութեան ուղերձներուն»:

Նախորդը

Նշմար. Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.