Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի մամլոյ գրասենեակը նշեց. «Լիբանանեան լրատուամիջոցներ տարածած են Սալամին ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին վերագրուող յայտարարութիւններ, որոնք անոնց պնդումով արձանագրուած են Ուաշինկթընի մէջ անոնց հանդիպման ատենագրութեան մէջ»:
Գրասենեակը յայտնեց, որ «այդ յայտարարութիւնները երեւակայածին են եւ երբեք չեն կատարուած հանդիպումին ժամանակ»` լրատուամիջոցներուն կոչ ուղղելով «ճշգրտութիւն ցուցաբերելու եւ հանդիպման բովանդակութեան վերաբերեալ դիմելու պաշտօնական աղբիւրներու»:
Հաղորդագրութիւնը նշեց. «Սալամ հանդիպումին ժամանակ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը եռակողմ շրջագիծը կեանքի կոչելու եւ փոխադարձութեան ու փուլային գործադրութեան սկզբունքները գործնական քայլերու եւ գետնի վրայ շօշափելի արդիւնքներու վերածելու, ինչ որ պիտի յանգեցնէ Լիբանանի լիակատար գերիշխանութեան վերականգնման, Լիբանանի տարածքէն իսրայէլեան ուժերու լիակատար հեռացման եւ անոր ամբողջ տարածքին մէջ պետութեան օգտին զէնքի մենաշնորհման»:
Մամլոյ գրասենեակը նշեց. «Սալամ նաեւ ընդգծեց պարտաւորութիւններու կատարման համար յստակ ժամանակացոյց սահմանելու անհրաժեշտութիւնը` ապահովելով յառաջընթաց երկու ուղղութիւններով` Իսրայէլի հեռացում, պետական իշխանութեան ընդլայնում եւ զէնքի մենաշնորհ, ինչպէս նաեւ յուսալի ստուգման գործիքակազմի ստեղծում, ինչպէս նախատեսուած է շրջագիծի յուշագիրին մէջ»:
«Նոյնպէս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ, որ Ռուպիոն կը վերահաստատէ Միացեալ Նահանգներու ամուր յանձնառութիւնը` աջակցելու Լիբանանին եռակողմ շրջագիծի իրականացման գործին մէջ, եւ կը գովաբանէ Սալամի կառավարութեան ջանքերը` պետութեան լիազօրութիւնները ընդլայնելու համար», յայտնեց վարչապետի մամլոյ գրասենեակը` ընդգծելով. «Հետեւաբար, Սալամին կամ Ռուպիոյին վերագրուող որեւէ այլ յայտարարութիւն կամ դիրքորոշում, բացի երկու անձերուն կողմէ պաշտօնապէս հրապարակուածէն, որեւէ ձեւով չ՛արտայայտեր հանդիպման բովանդակութիւնը»:


