Հըզպալլայի հանրային կապերու գրասենեակը «կտրուկ կերպով» հերքեց «Հըզպալլայի` Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ յայտարարուած Տարաայի Եարմուքի աւազանի շրջանին մէջ ձերբակալուած ենթադրեալ բջիջին հետ որեւէ յարաբերութիւն կամ կապ ունենալը»:
Կուսակցութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ վերստին շեշտեց. «Կուսակցութիւնը սուրիական հողերուն վրայ որեւէ ներկայութիւն չունի, եւ այդտեղ որեւէ ապահովական կամ զինուորական գործունէութեան հետ կապ չունի»` ընդգծելով «Սուրիոյ անվտանգութեան, կայունութեան ու անոր ժողովուրդի ապահովութեան նկատմամբ Հըզպալլայի տեւական նախանձախնդրութիւնը»:
Հըզպալլայի հանրային կապերու գրասենեակը սուրիական պետական կողմերուն կոչ ուղղեց` «զգուշանալու այն փորձերէն, որոնց նպատակը Հըզպալլայի անունը շահագործելն է` լարուածութիւն ստեղծելու եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ միջեւ սադրանք յառաջացնելու համար, եւ ստուգելու այդ պնդումներուն յետին նպատակներն ու այն կողմերը, որոնք կը կանգնին ատոր ետին, ինչպէս նաեւ որոնելու երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան հրահրումէն իսկական օգտուողը, որ իսրայէլացի թշնամին է, որ Սուրիոյ ու Լիբանանի դէմ իր յարձակումներուն մէջ յառաջ կ՛ընթանայ եւ աշխատանք կը տանի շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը քայքայելու»:


