Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին Հըզպալլայի նախկին ղեկավարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան Բ. տարելիցին առիթով,  Հըզպալլա կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը` ոգեկոչելու համար անոնց յիշատակը: Ձեռնարկին ներկայ էին Դիմադրութեան պատասխանատուներ, պետական, քաղաքական ու հոգեւոր անձնաւորութիւններ, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ ու համակիրներու հոծ բազմութիւն մը:

Այս առիթով ելոյթ ունեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ, երեսփոխան Ալի Ֆայյատ եւ այլ պատասխանատու անձնաւորութիւններ:

«Դուն համաշխարհային դիմադրող ղեկավար ես, որ կը ներշնչես աշխարհի ազատականները», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ` ակնարկելով սէյիտ Հասան Նասրալլային: Ան բարձր գնահատեց երկու ղեկավարներու գործունէութեան արժանիքները` պարզելով անոնց նկարագրային օրինակելի յատկանիշները:

«Քու կենդանութեանդ կ՛առաջնորդէիր Դիմադրութիւնը, իսկ հիմա նահատակութեամբդ կ՛ոգեւորես ու կը ներշնչես Դիմադրութեան ղեկավարները», ըսաւ շէյխ Քասեմ` նշելով, որ Դիմադրութիւնը հաստատակամ ու ամբողջական վստահութեամբ կը կրէ Նասրալլայի թողած աւանդը: «Նահատակութիւնդ կը լուսաւորէ նորահաս սերունդներու ճանապարհը», ընդգծեց շէյխ Քասեմ:

«Ան, որ կը խորհի, թէ Լիբանանի մէկ մասին կրնայ տիրանալ, զիջելով անոր միւս մասը` կ՛երազէ», շեշտեց  շէյխ Քասեմ: «Մենք լիբանաններ չունինք, մենք մէկ Լիբանան ունինք, որ կը գոյատեւէ ազատագրումով, միասնականութեամբ ու իր բաղադրիչ տարրերուն միջեւ գործակցութեամբ», ընդգծեց շէյխ Նայիմ Քասեմ:

Խօսք առաւ նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան դոկտ. Ալի Ֆայյատ: «Հակառակ բոլոր յարձակումներուն եւ ահաբեկչութիւններուն, Հըզպալլա տակաւին կը շարունակէ իր երթը, իր առաջնորդին` շէյխ Նայիմ Քասեմի ղեկավարութեամբ», ըսաւ Ֆայյատ:

Ֆայյատ վերահաստատեց Հըզպալլայի վայելած ժողովրդականութեան տարողութիւնը իր համակիրներուն թէ անդամներուն մօտ` շեշտելով, որ ան պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ իր ժողովուրդին: Ֆայյատ յիշեցուց, թէ հակառակ բոլոր ճնշումներուն, Հըզպալլա իր ղեկավարութեան իմաստուն ու ողջմիտ քայլերով պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը` ամբողջացնելու համար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սկսած առաքելութիւնը: «Հըզպալլա վերագտաւ ինքզինք, մինչ իշխանութիւնը վտանգեց ազգային որոշումներու կայացման անկախութիւնը», ընդգծեց Ֆայյատ` ակնյայտօրէն քննադատելով լիբանանեան իշխանութիւնը:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգները Եւ Իրանը Առանձին Բանակցութիւններ Պիտի Կայացնեն Միջնորդներու Հետ

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.