Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջանին մէջ շարունակուող Իրան-Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ եռակողմանի հակամարտութեան լոյսին տակ ժողովրդային թէ հանրային պատկան շրջանակներու հայեացքները կեդրոնացած են շրջանային այս հակամարտութենէն ազդուող երկիրներու կրած վնասներուն վրայ: Նշեալ երկիրներու առաջին կարգին վրայ կու գայ Լիբանանը, որ նոյնպէս Իրանի դրած նախապայմաններու առաջին կէտն է: Փաստօրէն, այն միջոցին, երբ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կացութիւնը գերզգայուն կշիռքի վրայ դրուած է` դիւանագիտական եզրայանգումի եւ զինուորական բախումներու վերսկսման միջեւ, Իսրայէլ կը շարունակէ թիրախաւորել Լիբանանը` փորձելով տակաւին հարաւային Լիբանանի մէջ տոկացողները յուսալքել եւ զանոնք մղել արտագաղթի կամ իրենց հայրենիքին մէջ տեղահանուելու:

Խորքին մէջ Իսրայէլ ժամանակի վատնումի փորձերով նախապայման կը նկատէ Դիմադրութեան ապազինումը, ինչպէս նաեւ կը փորձէ արգելակել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու կեցութեան վերանորոգումը: Փոխադարձաբար, Հըզպալլա կը մերժէ նման պահանջ` անհրաժեշտ նկատելով իսրայէլեան ուժերու հարաւային Լիբանանէն հեռացումն ու յարձակումներու կասեցումը եւ Իսրայէլի կողմէ  իր արգելափակեալներու ազատ արձակումը, ինչպէս որ շէյխ Նայիմ Քասեմ բացայայտեց սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան Բ. տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկին իր ունեցած ելոյթին ընթացքին:

Այս իրողութիւնը իշխանութեան հանդիպումներուն քննարկման լուրջ օրակարգ դարձած է շրջանային թէ միջազգային առնչակից մարմիններու մօտ: Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց ամերիկացի ծերակուտականներ Տարին Լահուտն ու Ճոշ Կիւթհայմըրը: Ամերիկեան պատուիրակութեան հետ խօսակցութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացան հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան թշնամական արարքներու շարունակման, շրջանին մէջ լիբանանեան պետութեան, յանձին` բանակին գերիշխանութեան ամրապնդման ու ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան ժամկէտի վերանորոգման կարելիութեան վրայ:

Այս գծով նախագահ Աուն իր համոզումը յայտնեց , որ Միացեալ Նահանգներ կրնան ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` հեռանալու հարաւային Լիբանանի գրաւեալ շրջաններէն, ինչպէս նաեւ կասեցնելու շարունակուող ահաբեկման թէ աւերման յարձակումները: Աուն մաղթեց, որ այս կէտերու գործադրութեամբ հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած լիբանանցիք կը դիմեն տունդարձի եւ կը սկսին վերակառուցման աշխատանքներուն:

Նմանապէս արծարծուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան ժամանակաշրջանի վերանորոգման կարելիութիւնը: Այս մասին սակայն, ըստ կարգ մը մեկնաբաններու, պատկերը անորոշ է, ինչ որ հսկողութեան «դատարկութեան» վտանգի մտահոգութիւններ կ՛առաջադրէ, որ կրնայ փոխարինուիլ լիբանանեան բանակային ուժերով: Սակայն նախագահ Աուն ամերիկեան պատուիրակութեան յիշեցուց, թէ բանակի համապատասխան գործունէութեան համար անհրաժեշտ զինուորական սարքերը կը պակսին:

«Մենք լիայոյս ենք այս առնչութեամբ ամերիկեան դերակատարութեան արդիւնաւէտութեան գծով», ընդգծեց նախագահ Աուն` աւելցնելով տակաւին Իսրայէլի մօտ գտնուող լիբանանցի գերիներն ու արգելափակեալները ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը: Իր կարգին, ամերիկացի ծերակուտական Տարին Լահուտ բարձր գնահատեց լիբանանեան իշխանութեան ճիգերը իր գերիշխանութեան ամրապնդման գծով հարաւային Լիբանանի եւ առհասարակ լիբանանեան վտանգաւոր շրջաններու մէջ: «Որեւէ յապաղում ամերիկեան հովանաւորութեամբ Իսրայէլի հետ կնքուած «շրջանակային համաձայնագիրի» գործադրութեան մէջ կրնայ մղել բախումներու սաստկացման եւ առհասարակ կը վտանգէ Լիբանանի կայունութիւնը», դիտել տուաւ նախագահ Ժոզեֆ Աուն:

Նաեւ Վարչապետ Սալամ

Իր կարգին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ գլխաւորելով նախարարական յատուկ պատուիրակութիւն մը շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր զանազան հանդիպումներ ունեցաւ պատկան պատասխանատուներու հետ, ինչպէս` արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ ելեւմուտքի նախարար Սքոթ Պեսենթի հետ:

Պատուիրակութիւնը նմանապէս քուլիսային տեսակցութիւններ ունեցաւ ամերիկացի բարձրաստիճան այլ պատասխանատուներու հետ: Զուգահեռաբար, Լիբանան ժամանեց լիբանանեան բանակին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական սարքերու մէկ նոր բաժինը:

 

 

Նախորդը

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

RelatedPosts

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.