Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԱԳԱՀ ժոզեֆ Աուն նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որ եկած էր հրաժեշտ տալու, իր պաշտօնավարութեան աւարտին բերումով: Այս առիթով արծարծուեցան Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային եւ լիբանանեան նորագոյն իրադարձութիւններն ու այս գծով Եգիպտոսի խաղաղարար միջնորդութեան քայլերը:

Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց քաղաքացիական օդանաւորդութեան խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ազիզը: Խօսակցութիւնները կեդրոնացան նշեալ  խորհուրդի գործունէութեան ու անոր բարգաւաճման քայլերուն վրայ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ  Նաուաֆ Սալամի գլխաւորած նախարարական պատուիրակութիւնը երկուշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ սկսաւ իր հանդիպումներուն` Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ եւ յարակից մարզերու պատասխանատուներուն հետ: Օրակարգէն դուրս հանդիպում մը կայացաւ նաեւ վարչապետ Սալամի, լիբանանեան ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի եւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքոթ Պեսենթի միջեւ:

ՓՈԽԱԴՐԱՎԱՐՁԵՐՈՒ  հատուցման եւ 2027-ի պետական ամավարկի հարցերը պիտի քննարկուին վաղը`  հինգշաբթի նախատեսուող կառավարութեան նիստի  ընթացքին:

«ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ գերագոյն խորհուրդը» երէկ յայտարարեց, թէ Յորդանանի հաշեմական թագաւորութենէն ստացած է Լիբանանին մատուցուող օժանդակութեան 12-րդ բաժինը: Քսան փոխադրակառքեր ընդգրկող օժանդակութիւնը լիբանանեան պատկան մարմինին կողմէ ստանձնած է նշեալ խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Պասսամ Նապըլսիի ներկայացուցիչ գնդապետ Էտմոնտ Քաատօ:  Փոխանցումը  կատարուած է լիբանանեան Մասնաայի սահմանակէտին վրայ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպանատան մէջ նշեալ խորհուրդի փոխնախագահ Մոհամետ Մահատինի: Այս առիթով գնդապետ Քաատօ շնորհակալութիւն յայտնեց Յորդանանի պատկան մարմիններուն եւ յատկապէս թագաւորին` իր այս նախաձեռնութեան համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ երէկ Պէյրութի նաւահանգիստէն ստանձնած է բանակին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական սարքերու նոր «փաթեթ», որ կ՛ընդգրկէ հինգ զինուորական փոխադրակառքեր ու «Համֆի» տիպի 47 սարքեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ զգուշացումներ յղեց շահարկումի վեց կեդրոններու, որոնք ապօրինի գործունէութիւն կը տանին Լիբանանի մէջ:

ԿՆՈՋ եւ մանկան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան դոկտ. Ինայա Իզզէտտին երէկ շրջեցաւ հարաւային Լիբանանի Ժուայա շրջանը ու մօտէն հետեւեցաւ այդ շրջանի բնականոնացման նպաստող քայլերուն: Այս առիթով ան առաջարկեց թուայնացնել պետական հարցերու առնչուող թղթածրարները, ինչ որ կրնայ թեթեւցնել պետական հարցերու համար մայրաքաղաք Պէյրութ երթեւեկի հեւքը:

 

 

 

 

Նախորդը

Ուասլ 2026. Ռիատի Հասաւ Կիսաւարտական

Յաջորդը

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.