Միքաթի Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին Կոչ Ուղղեց` Հետեւելու Իսրայէլի Մէջ Արգելափակուած Լիբանանցիներու Ազատ Արձակման Հոլովոյթին
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին` «իսրայէլեան բանտերուն մէջ արգելափակուած ինը լիբանանցիներուն ազատ արձակման համար անոր թափած ջանքերուն համար»: Միքաթի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կոչ ուղղեց` «հետեւելու Իսրայէլի մէջ արգելափակուած ինը լիբանանցիներուն ազատ արձակման հոլովոյթին»: «Այս թղթածրարը հիմնական կէտ էր այն հաղորդակցութիւններուն մէջ, որոնք հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հեռացման փուլի ընթացքին կատարեցինք ամերիկեան կողմին հետ», նշեց...



















