Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Կազայի դէմ պատերազմը ամերիկեան եւ արեւմտեան աջակցութեամբ առանց որեւէ սահմանափակումի յարձակում էր, եւ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը իր բոլոր բաղադրիչ մասերով` Հըզպալլայով, Ամալ շարժումով եւ Ժամաա Իսլամիով դէմ դրաւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին, եւ Իսրայէլի հետ բաղդատականը պէտք չէ զինուորական ըլլայ:
Ան նշեց. «Թուայնական խոցելիութիւնը եւ թշնամիին արհեստական բանականութեան ու օդուժին օգտագործումը Դիմադրութեան հասած հարուածներուն մէջ ազդեցիկ տուեալներ էին, եւ ատիկա մեծ բաց մըն է, եւ մենք դասեր քաղելու համար հետաքննութիւն կը կատարենք: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, արտակարգ ու անակնկալ էր, եւ պէտք չէր խոցելիութիւնը այս ձեւով ըլլար: Դիմադրութիւնը զինուորական գետնի վրայ չի կրնար աւելի հզօր ըլլալ, եւ չենք կրնար զինուորական յաղթանակը որդեգրել, եւ Դիմադրութեան յաղթանակը իր երիտասարդներով, կիներով ու նուիրատուութիւններով է, իսկ զինուորական բաժինը կու գայ աջակցելու մնացեալ կարողութիւններուն»:
«Մեր համակիրները չէին սպասեր, որ այսքան թիւով եւ այսքան արագ ղեկավարներ եւ նախ եւ առաջ սէյիտ Հասան Նասրալլան կորսնցնենք», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Զինադադարին համաձայն գտնուեցանք, եւ նախայարձակը պահանջեց իր յարձակումը պայմաններով դադրեցնել: Ատոր համաձայն գտնուեցանք, որովհետեւ սկսելու համար պատերազմը չորոշեցինք, եւ պետութիւնը որոշեց դիմակայել պաշտպանելու համար սահմանը եւ Իսրայէլը հեռացնելու: Ասիկա առիթ է, որպէսզի փորձենք քաղաքական մակարդակի վրայ անոր կարողութիւնները:
«Համաձայնութեամբ մուտք գործեցինք նոր փուլ, եւ իբրեւ Հըզպալլա եւ իսլամական դիմադրութիւնը ամբողջութեամբ յանձնառու դարձանք համաձայնութիւնը չխախտելու, իսկ Իսրայէլ համաձայնութիւնը 1350 անգամ խախտեց: Որոշ փուլի մեր եւ իշխանութեան միջեւ քննարկում կար. մտածեցինք հակադարձել յարձակումներուն, եւ մեզի ըսին` «աւելի լաւ է քիչ մը համբերէք», յայտնեց ան:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ 27 նոյեմբերին առաւօտեան ժամը 4:00-ին հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն եւ Պեքայի մէջ յաղթանակի պատկեր էր ու տօնախմբութիւն, «իսկ «գերիշխանականներուն» ձայնը երկու տարուան ընթացքին օր մը չլսեցինք, հակառակ իսրայէլեան բոլոր խախտումներուն, եւ Ամերիկային պահանջ չներկայացուցին ու ձայն չբարձրացուցին»:
Շէյխ Քասեմ շեշտեց. «Դիմադրութիւնը հիմա անգամ մը եւս յաղթեց այս ժողովուրդով, որ անգամ մը եւս արշաւեց դէպի առաջնագիծի գիւղեր, հակառակ իսրայէլացիին չհեռանալուն, եւ անոր հետ ուղղակի դիմակայութեամբ: Այս ժողովուրդը արժանապատուութիւն ունի, եւ հարաւային իւրաքանչիւր գիւղ հպարտութեան խորհրդանիշ դարձաւ, Իսրայէլ չի կրնար այս հպարտ ժողովուրդի ներկայութեան բռնագրաւող մնալ: Այս ժողովուրդը արժանի է ապրելու եւ կարելի չէ զայն պարտութեան մատնել»:
«Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռամիասնութիւնը, որ Իսրայէլին արգելք հանդիսացաւ Պէյրութ եւ Լիթանի գետի հարաւ հասնելու, արեւի նման է, եւ զայն չտեսնողին խնդիրը պայծառ պիտի մնայ: Իսրայէլ պէտք է 60 օր աւարտելուն հեռանայ, եւ չենք ընդունիր մէկ օր իսկ երկարաձգման որեւէ արդարացում, ինչպէս նաեւ պայմանաժամի երկարաձգում չենք ընդունիր», յայտնեց շէյխ Քասեմ` աւելցնելով. «Ուշացումէն յառաջանալիք որեւէ հետեւանքի պատասխանատուները ՄԱԿ-ը, Ամերիկան, Ֆրանսան եւ Իսրայէլն են»:
Ան նշեց, որ բռնագրաւումին շարունակումը լիբանանեան գերիշխանութեան վրայ յարձակում է, եւ բոլորը` ժողովուրդը, բանակը, պետութիւնը եւ Դիմադրութիւնը այս դիմակայման մէջ պատասխանատու են:
«Մենք կանգնած ենք բռնագրաւումի մը դիմաց, որ յարձակում կը գործէ եւ կը մերժէ հեռանալ, իսկ Դիմադրութիւնը իրաւունք ունի յարմար դատած կերպով եւ յարմար ժամանակին գործելու: Այս է մեր պատգամը բոլորին, ուստի թող հասկնան այն, ինչ որ կ՛ուզեն», աւելցուց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
Կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ըսաւ. «Մեր եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ աշխատանքը բաց է, եւ խոչընդոտներ չկան»` աւելցնելով. «Կառավարութեան կազմութեան բարդութիւնները մեր մօտ չեն, այլ` ուրիշներուն»: