Ազգային չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Պաարինի յայտարարեց. «Չափը անցաւ եւ համբերութիւնը հատեցաւ: Օրերով լուռ մնացինք եւ նշանակեալ վարչապետին առիթ ընծայեցինք, որպէսզի իր խորհրդակցութիւնները ամբողջացնէ, սակայն երբ գաւազան շարժողներուն, իրենց մոթորսիքլեթները գործի լծողներուն եւ ահաբեկման գործելաոճը օգտագործողներուն իրենց իրաւունքէն աւելի տալն ու մեզի իբրեւ Աքքարի, Թրիփոլիի, Մընիէի, Տըննիէի եւ հիւսիսային Լիբանանի ներկայացուցիչներ անտեսելը բոլոր կարմիր գիծերը անցնիլ է»:
Պաարինի նախագահ Ժոզեֆ Աունին կոչ ուղղեց` «իբրեւ երաշխաւոր սրբագրելու ընթացքը, այլապէս մեր լուսանցքայնացման դէմ ըմբոստութիւն տեղի պիտի ունենայ, նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ անկէ դուրս գտնուող երեսփոխաններուն կոչ կ՛ուղղեմ ժողով գումարելու եւ մերժելու մեկուսացման ու բացառման տրամաբանութիւնը եւ նշաձողը բարձրացնելու: Ահաւասիկ կը զգուշացնենք, լսողին շատ բարի»:
«Այլեւս հարցը միայն Աքքարի եւ հիւսիսային Լիբանանի նախարարական ներկայացուցչութեան չի վերաբերիր, հարցը իւրաքանչիւր աքքարցիի արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ, որովհետեւ զինք կը նկատեն 10-րդ դասակարգի քաղաքացի: Եւ ըլլայ այդ բարգաւաճման կամ ներկայացուցչութեան առումով մեր անտեսման լոյսին տակ, մեզի այլընտրանք չի մնար, բացի դաշնակցային դրութեան հաստատում պահանջելէ, այդ պարագային իբրեւ աքքարցիներ մեր հարցերը կը կառավարենք եւ գիտենք, թէ չկայ պետութիւն մը, որ մեզի ուշադրութիւն կը դարձնէ, այլ մենք մեզի ուշադրութիւն կը դարձնենք», աւելցուց Պաարինի:


