Եաաքուպ. «Զօր. Ժեֆըրզ Պըրրիին Յայտնեց, Որ Իսրայէլ Կիրակի Օր Լիբանանեան Հողերէն Ամբողջովին Պիտի Չհեռանայ»
Նահժ շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Հասան Եաաքուպ յայտնեց. «Զինադադարի գործադրութեան հսկողութեան նախագահ ամերիկացի զօրավար Ճասփըր Ճեֆըրզ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յայտնեց, որ Իսրայէլ յառաջիկայ կիրակի օր` 60 օրուան պայմանաժամի աւարտէն ետք լիբանանեան բոլոր հողերէն պիտի չհեռանայ»: «Ճեֆըրզ իմացաւ, որ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները իրենց գիւղերը պիտի ուղղուին, ինչ ալ ըլլայ կացութիւնը, եւ Դիմադրութիւնը գործի պիտի լծուի», նշեց Եաաքուպ: «Իրողութիւնը այն է,...




















