Նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Դրամատուներու միութենէն պատուիրակութիւն մը, եւ յայտնեց. «Դրամատուներու կացութեան դարմանումը պետութեան, դրամատուներու եւ պահ դրուած գումարներու տէրերու ջանքերուն միատեղում կը պահանջէ»:
«Ամէն տագնապ իր լուծումը ունի, սակայն արդար լուծումի կարելի չէ հասնիլ մէկ կողմի ճամբով, այլ բոլոր կողմերու ջանքերուն միատեղումով», նշեց նախագահ Աուն:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ պետութիւնները Լիբանանին օգնելու համար հիմնական պայման կը դնեն կառավարութեան կազմութիւնը եւ տնտեսական, ելեւմտական ու այլ բարեկարգումներու կատարման սկսիլը, ինչ որ ճամբայ կը հարթէ Լիբանանի եւ արտասահմանի միջեւ վստահութեան կամուրջներու վերականգնման եւ ներդրումներու վերադարձին:
«Եթէ մենք ներքին բարեփոխումներ չկատարենք, օտարները Լիբանան պիտի չգան, եւ գնդակը այժմ մեր դաշտն է», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ Դրամատուներու միութիւնը կը գործակցի ընդհանուր եւ Լիբանանի շահին ի նպաստ լուծումներ գտնելու համար` շեշտելով, որ հանրապետութեան նախագահը իրաւարարն է եւ ինք տարբեր խնդիրներու հետ թափանցիկ կերպով կ՛աշխատի:
Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոժթապա Ամանին, որ Պաապտայի պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Նախագահը ընդունեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայելը, որ հանդիպումէն ետք բոլոր քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց դիւրացնելու նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը:
«Մեր բոլոր դրական ու բաց խօսքերը կը դիմակայուին գիշերով Պէյրութի փողոցներուն մէջ մեր տեսած շարժումներով, եւ ան որ ուրիշներուն մենաշնորհը կը մերժէ, պէտք է ինքնիրեն համար ալ մենաշնորհը մերժէ», ըսաւ ան:


