Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 28, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՐԱՆԻ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց. «Այսօր բոլոր քաղաքական հաւասարակշռութիւններն ու նիւթական հաշիւները ճզմուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ հաւատացեալ ու հաւատարիմ ժողովուրդին առջեւ, որ անտեսեց բռնագրաւող իսրայէլեան բանակը եւ իր հոգին տարաւ պատերազմի դաշտ` վստահելով աստուածային խոստումին»:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարք Տաու յայտնեց. «Պատմութեան մէջ չէ պատահած, որ բռնատէր մը իշխանութիւնը կամովին յանձնած է: Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի տիրապետութենէն պետութեան վերատիրացման համար բախումը անխուսափելի է»:

– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի Պենի Հայան գիւղի Մարքապայի կողմէն մուտքին անցարգել հաստատած է` ամրապնդելու համար անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Պենի Հայանի գիւղապետութիւնը նոյն ատեն ձեռնարկած է Ուատի Սլուքիի կողմէն գիւղի մուտքի ճամբաներու վերաբացման:

Մինչ այդ, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը կրակ բացած է գիւղապետութեան մեքենաներուն վրայ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ առաւօտեան քաղաքացիներու գիւղ մուտք գործելու փորձին ընթացքին իսրայէլեան բանակը կրակ բացած է: Վիրաւորուած են երկու անձեր, որոնցմէ մէկը մանուկ մըն է, իսկ միւսին վիճակը ծանր է:

– ՊԵՏԱԿԱՆ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը կրակ բացած են հարաւային Լիբանանի Մէյս Ժապալ գիւղի արեւմուտքը գտնուող Մֆէյլըհա շրջանին մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի անդամներուն ուղղութեամբ, առանց որ մարդկային վնասներ արձանագրուին:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ կրակած է սահմանամերձ Տհէյրա գիւղի բնակիչներուն ուղղութեամբ` զանոնք վախցնելու նպատակով:

– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ 3 քաղաքացիներ վիրաւորուած են, երբ իսրայէլեան ուժերը կրակ բացած են դէպի Հուլա գիւղ յառաջացող քաղաքայիններուն վրայ:

– «ՆԱՇՐԱ» կը նշէ, որ իսրայէլեան ուժեր կրակ բացած են Ըտէյսէի մուտքին հաւաքուած քաղաքայիններու վրայ` արգիլելու համար անոնց գիւղ մուտքը: Արձանագրուած են վիրաւորներ:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուատտահ Սատեք նշեց. «Հըզպալլան չբաւարարուեցաւ հակառակ լիբանանցիներու մեծամասնութեան 1,5 տարի քանդիչ ու սպաննիչ պատերազմ պատճառելով, այլ աղաւաղեց հարաւային Լիբանանի մէջ մեր հարազատներուն պատկերը` շարք մը շրջաններու մէջ կազմակերպելով երթեր, որոնք լիբանանցիները կը գրգռեն, սադրանք յառաջացնող բախումներու կը յանգեցնեն, եւ բոլոր կողմերուն կը յղեն պատգամներ, թէ ան, որ կը կարծէ, թէ երկիրը դէպի կայունութիւն կ՛ուղղուի, կը սխալի, եւ կուսակցութիւնը կարող է այդ կայունութիւնը քայքայել եւ երկիրը հասցնել նոր քայքայման, ինչպէս միշտ ըրած է: Բան մը, որ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ վերջերս տնտեսական մակարդակի վրայ տեղի ունեցած դրական մթնոլորտին ու նոր յոյսին վրայ, որ լիբանանցիները կը զգան»:

– ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յղուած պատգամի մը մէջ ըսաւ. «Այն, ինչ որ երէկ տեղի ունեցաւ եւ հակառակ իրաւացիութեան, չի զուգորդուիր սադրանքով ուղղուած լիբանանեան շրջաններու, որոնք պատերազմի եւ իսրայէլացի թշնամիին կողմէ քանդումի շրջանին իրենց լիբանանցի եղբայրներուն ապաստան էին»:

«Կողմնացոյցը մի՛ կորսնցնէք, մեր ճակատամարտը հարաւային Լիբանանի մէջ է եւ ոչ թէ Մաղտուշէի կամ Այն Ռըմմենէի մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Նախկին նախագահ Միշել Աունի դէմ պայքարը հայրենիքին ահաւոր տնտեսական քայքայում պատճառեց, ուստի նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ նոյն ձեւը մի՛ օգտագործէք, որովհետեւ այս անգամ հայրենիքի կորուստի պիտի յանգեցնէ, եւ ոչ թէ միայն հարաւին»:

«Մի՛շտ չէ, որ յոռեգոյնէն կարելի է փրկուիլ», եզրափակեց Նիքոլա:

– ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը շեշտեց, որ փողոցի կամ ահաբեկման ճամբով ներքին հաւասարակշռութիւններ փոխելու, քաղաքական ու նախարարական շահեր պարտադրելու կամ նախարարաց խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշանաբաններ պարտադրելու փորձերը պիտի չյաջողին:

– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի բնակիչները հերոսական արարք գործեցին, եւ համայնքային լարուածութիւնը, որ գիշերը եղաւ, ականահարեց ցերեկուան միասնականութեան պատկերը, կարծէք նպատակը պառակտումը խորացնելն է»:

«Մասնատման ծրագիրին ամէնէն շատ ծառայողը խմբակներու սադրիչ շրջագայումն ու համայնքային բացագանչութիւններն են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եզրափակելով` ծայրայեղականութիւնը ծայրայեղականութիւն կը բերէ, եւ ատոր հետեւանքով կորսնցնողը Լիբանանն է»:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալ Վահան Կոստանեանի Հանդիպումը Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Ասաատ Շայպանիի Հետ

Յաջորդը

Քաց. «Պիտի Շարունակենք Հիւսիսի Եւ Հարաւի Մէջ Զինադադարի Խստութեամբ Կիրարկումը»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.