Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Պիտի շարունակենք հիւսիսի եւ հարաւի մէջ զինադադարի խստութեամբ կիրարկումը»:
«Ան, որ ցուցմունքները կը խախտէ կամ իսրայէլեան բանակի ուժերը կը վտանգէ, ամբողջական գինը պիտի վճարէ», նշեց Քաց:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ շեշտեց. «7 հոկտեմբերէն առաջ գոյութիւն ունեցած կացութեան վերադարձը պիտի չարտօնենք»:


