Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ խորհրդակցեցայ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ զինադադարի փոխհասկացողութեան հովանաւորի պաշտօնը ունեցող ամերիկեան կողմին հետ հաղորդակցութիւններու արդիւնքին շուրջ:
«Փոխհասկացողութեան հսկողութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան վրայ աշխատող յանձնախումբի զեկուցումին ծանօթանալէ ետք, լիբանանեան կառավարութիւնը կը հաստատէ մինչեւ 18 փետրուար 2025 զինադադարի փոխհասկացողութեան ծիրին մէջ աշխատանքի շարունակումը, ինչպէս նաեւ յանձնախումբը կը հետեւի զինադադարի փոխհասկացողութեան բոլոր կէտերու գործադրութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան»:
Միքաթի նաեւ յայտնեց. «Լիբանանեան կառավարութեան պահանջին հիմամբ, Միացեալ Նահանգները 7 հոկտեմբերէն ետք Իսրայէլի կողմէ ձերբակալուած եւ իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող լիբանանցի կալանաւորուածներու վերադարձի բանակցութիւններու պիտի սկսին»:
Վարչապետի պաշտօնակատարը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ զարգացումներն ու բռնագրաւուած գիւղերէն ու գիւղաքաղաքներէն իսրայէլեան հեռացումը ամբողջացնելու համար ընթացող հաղորդակցութիւններու արդիւնքները:
Սպիտակ տունը Միքաթիի հրապարակած հաղորդագրութենէն ժամեր առաջ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի համաձայնութիւնը, որուն կը հսկեն Միացեալ Նահանգները, մինչեւ 18 փետրուար ուժի մէջ պիտի մնայ»:
«Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները նաեւ բանակցութիւններու պիտի սկսին 7 յունուար 2023-էն ետք գերեվարուած լիբանանցիներու վերադարձին շուրջ», աւելցուց Սպիտակ տունը:
Լիբանանի նախագահական պալատի տեղեկատուութեան գրասենեակը կիրակի գիշեր հաղորդած էր. «Ճիշդ չեն այս երեկոյեան լրատուամիջոցներու կողմէ հաղորդուած այն տեղեկութիւնները, թէ իսրայէլացի թշնամին Լիբանանի փոխանցած է, թէ 15 օր տեւողութեամբ պիտի մնայ 5 կէտերու մէջ, եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն զինադադարին հսկող յանձնախումբին փոխանցած է, թէ կը մերժէ այդպիսի բան:
«Ճշմարտութիւնը այն է, որ նախագահ Աուն տակաւին կը շարունակէ զինադադարի համաձայնութեան առնչակից ներքին ու արտաքին կողմերու հետ իր հաղորդակցութիւնները` ամբողջացնելու համար մնացեալ բռնագրաւեալ հարաւային հողերէն Իսրայէլի հեռացումը»:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ կիրակի գիշեր բուռն կերպով դատապարտեց զինադադարի համաձայնութեան մէջ ճշդուած պայմանաժամին համաձայն իրենց բռնագրաւեալ հողեր վերադառնալ փափաքող լիբանանցի քաղաքայիններու վրայ իսրայէլեան դիտաւորեալ յարձակումները` աւելցնելով, որ Լիբանան ամբողջական կերպով յարգեց համաձայնութիւնը, իսկ իսրայէլեան կողմը կը խուսափի իր խոստումները յարգել, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն հեռացման:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ համաձայնութեան հովանաւոր պետութիւններուն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան ու հանդարտութեան առնչակից միջազգային բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «դատապարտելու քաղաքայիններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները եւ Իսրայէլի վրայ պէտք եղած ճնշումը գործադրելու, որպէսզի գործադրէ համաձայնութեան մէջ նշուած իր խոստումները եւ անմիջապէս ու առանց նախապայմանի հեռանայ բոլոր բռնագրաւուած լիբանանեան հողերէն, որպէսզի լիբանանեան զինեալ ուժերը կարենան, Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին համաձայն, ամբողջացնել հարաւային Լիբանանի հողերուն վրայ իրենց իշխանութեան տարածումը»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիվ Ուիթքոֆ յայտնեց. «Կան Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութեան խոչընդոտներ, զորս յաղթահարեցինք լաւ երկխօսութեամբ, եւ ասիկա դրական ցուցանիշ է»:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մեկնաբանելով վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ամերիկեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն ետք կատարած յայտարարութիւնը, ըսաւ, թէ «մեզի հետ խորհրդակցեցաւ 18 փետրուարը պայմանաժամ ճշդելու դիմաց իսրայէլեան խախտումներն ու յարձակումները դադրեցնելու նպատակով ճնշում բանեցնելու համար, իրականութեան մէջ պայման դրի կրակոցի, խախտումներու եւ տուներու քանդումի անմիջական դադրեցում, ինչպէս նաեւ գերիներու հարցով խոստում, եւ հանրապետութեան նախագահին հեռաձայնած էի խնդրելով, որ առաջարկը որդեգրէ»:
Միքաթի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի եւ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբի նախագահ ամերիկացի զօրավար Ճասփըր Ճեֆըրզի հետ հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Նախագահին ու խորհրդարանի նախագահին հետ խորհրդակցելէ ետք, Իսրայէլին լիբանանեան բոլոր հողերէն չհեռանալու որեւէ պատրուակ չտալու համար կառավարութիւնը համաձայնեցաւ զինադադարի փոխհասկացողութիւնը մինչեւ 18 փետրուար 2025 երկարաձգելու, սակայն ատիկա փոխարէնը կը պահանջէ ճնշում բանեցնել իսրայէլեան յարձակումներու ու իրերայաջորդ խախտումները դադրեցնելու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացում ապահովելու»: