Երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Ֆրենժիէ հանդիպումէն ետք նշեց. «Նախագահական աթոռի երկամեայ թափուր դրութենէն ետք նախագահական պալատ եկանք` յաջողութիւն մաղթելու հանրապետութեան նախագահին եւ մեր բոլոր կարելիութիւնները դնելով ի սպաս այս իշխանութեան եւ Լիբանանի փրկութեան ծրագիրի յաջողութեան»:
«Դիւրացնող ազդակ պիտի ըլլանք կառավարութեան կազմութեան առումով, անոր մաս կազմելու համար նախապայման չունինք եւ պիտի աջակցինք իշխանութեան ծրագիրին` նկատի ունենալով, որ զայն լիբանանցիներուն համար իսկական առիթ մը կը նկատենք», ընդգծեց Ֆրենժիէ:
«Կը մաղթենք, որ կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ կազմուի եւ բոլոր լիբանանցիներու անդորրութիւն կը մաղթենք», աւելցուց ան:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի զարգացումներուն` երեսփոխան Ֆրենժիէ ըսաւ. «Կը շնորհաւորենք հարաւային Լիբանանի բնակիչները իրենց գիւղեր եւ գիւղաքաղաքներ վերադառնալնուն առիթով, եւ Լիբանանի մէջքը չի կրնար շտկուիլ նախքան իր բոլոր հողերուն վերատիրանալը»:


