Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Հարաւի Մէջ Կիրակի Օրուան Զարգացումներուն` Ժահժահ. «Ներկայ Կառավարութիւնը Պատասխանատու Է, Եւ Դիմադրութեան Առանցքը Անգամ Մը Եւս Փաստեց, Թէ Մարդու Կեանքին Արժէք Չի Տար»

January 28, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, մեկնաբանելով կիրակի օր հարաւի մէջ տեղի ունեցածը, յայտնեց. «Անգամ մը եւս ներկայ կառավարութիւնը փաստեց, թէ գոյութիւն ունի, եւ Դիմադրութեան առանցքը փաստեց, թէ մարդու կեանքը իր մօտ արժէք չունի. տեղեկատուական խաբուսիկ ներկայութեան համար չի տատամսիր իւրաքանչիւր օր հրահրելէ դէպքեր, որոնց ճամբով կ՛ուզէ ծածկել այն ողբերգութիւնն ու կեանքերու եւ սեփականութիւններու կորուստները, զորս պատճառեց»:

«Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պատկերին վերաբերեալ կ՛ըսեմ, թէ միջազգային հսկողութեան յանձնախումբ գոյութիւն ունի, եւ Լիբանանը այդ յանձնախումբին անդամ է, ուստի ներկայ կառավարութեան համար աւելի յարմար էր, աւելի ճիշդ պարտաւորութիւնն էր գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու բնակիչները տեղեակ պահել այն վայրերէն, ուրկէ իսրայէլեան բանակը պիտի հեռանայ, եւ այն դիրքերը, ուրկէ չհեռացաւ, եւ ոչ թէ կարգ մը կուսակցութիւններուն արտօնել կացութիւնը շահագործել իր սեփական շահերուն համար, որուն պատճառով քաղաքացիներէն ու լիբանանեան բանակէն 22 զոհ եւ շուրջ 125 վիրաւոր արձանագրուեցաւ», յայտնեց Ժահժահ:

«Այս կառավարութիւնը տակաւին ինք է պատասխանատուն` սպասելով նոր գործադիր իշխանութեան կազմութեան. պէտք էր լիբանանեան բանակէն պահանջէր կազմակերպել ապահով գիւղեր քաղաքացիներուն մուտքը եւ անոր տրամադրել հրամաններ` արգիլելու ուղղուիլ այն շրջաններ, զորս տակաւին իսրայէլեան բանակը բռնագրաւուած կը պահէ, որովհետեւ մարդոց կեանքը լիբանանեան կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ Իսրայէլի», ըսաւ ան:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը աւելցուց. «Դիմադրութեան առանցքը օգտագործեց այս բացը եւ քաղաքացիները մղեց հաստատ վտանգի` հոգ չընելով, թէ ո՛վ կը սպաննուի կամ կը վիրաւորուի»: Ան ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան կոչ ուղղեց անմիջապէս իր ձեռքը առնելու նախաձեռնութիւնը` քաղաքացիները պաշտպանելու եւ անոնց անվտանգ վերադարձը կազմակերպելու համար, «եւ դէմ կանգնելու կուսակցութիւններուն, որոնք զանոնք մահուան կը մղեն»:

«Կառավարութիւնը պէտք է կապ հաստատէ զինադադարի համաձայնութեան հովանաւոր պետութիւններուն, մասնաւորաբար Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի հետ` քննարկելու համար հեռացման պայմանները, եւ լիբանանեան պետութիւնը եւս նշեալ համաձայնութեան հիմամբ իր պարտաւորութիւնը պէտք է կատարէ», նշեց ան:

Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած «Բանակ, ժողովուրդը եւ Դիմադրութիւն» նշանաբանին, Ժահժահ յայտնեց. «Միայն բանակը, ժողովուրդը եւ պետութիւնը կան, եւ կայ ան, որ կ՛օգտուի նոր կառավարութեան կազմութիւնը նախորդող փուլէն` կրկնելու համար նշանաբաններ, որոնք անցեալին մէջ մնացին եւ Լիբանանի համար պատրաստուած նոր ու խոստմնալից փուլին մէջ տեղ չունին»:

 

Նախորդը

Քաց. «Պիտի Շարունակենք Հիւսիսի Եւ Հարաւի Մէջ Զինադադարի Խստութեամբ Կիրարկումը»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Բանակ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տարբեր Դիրքերու Վրայ Մեր Տեղակայումը Վերադասաւորման Ենթարկեցինք Լիբանանեան Բանակին Աստիճանական Եւ Արդիւնաւէտ Տեղակայման Կարելիութիւն Տալու Համար»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.