Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 29, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «ՆԱՇՐԱ» կայքը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան բանակը տեղակայուած է հարաւային Լիբանանի արեւմտեան հատուածի Մարուահինէն մինչեւ Նաքուրա երկարող բոլոր գիւղերուն մէջ, եւ իսրայէլեան բանակը կը գտնուի երկու դիրքերու վրայ` Լապպունայի  բարձունքներուն եւ Ժապալ Պլաթի մէջ:

– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի Եարուն գիւղի բնակիչները լիբանանեան բանակին ընկերակցութեամբ մուտք գործած են իրենց գիւղ:

Նախքան այդ, Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Եարունի մէջ բանակի եւ քաղաքացիներու հաւաքման վայրին մօտ ռումբ մը նետած է:

– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հեռաձայնեց Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի եւ անոր հետ քննարկեց Կազայի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումները: Անոնք հաստատեցին, որ Կազայի մէջ միջնորդական միացեալ ջանքերը կը շարունակուին:

– ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի. «Մարդիկ իրաւունք ունին իրենց շրջաններուն մէջ ուրախանալու, սակայն առանց սադրանքի: Մենք բուռն կերպով կը դատապարտենք այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ»:

«Իսրայէլեան խախտումներու դիմակայումը պետութեան պատասխանատուութիւնն է, եւ զինադադարի պայմանաժամի երկարաձգման որոշումը մեզի չի վերաբերիր», նշեց Շըրրի:

– ԱՄԱԼ շարժումը իր անդամներուն ուղղեց շրջաբերական մը` արգիլելով որեւէ սադրիչ շարժում, մասնաւորաբար մոթորսիքլեթով երթերու մասնակցութիւն կամ կազմակերպում:

– «ՆԱՇՐԱ» կայքի տեղեկութեան համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ մեծ ճամբայ կտրած է եւ յաջողած է կազմի նախագիծ մը պատրաստել, բաղդատմամբ նախկին շրջանին կառավարութիւններու կազմութեան տեւողութեան, մրցանշային ժամանակի մէջ:

Կայքը կը նշէ, որ ատիկա իրողութիւն մըն է, որ կ՛արտացոլէ Սալամի` նախագահական իշխանութեան մեկնարկին համահունչ կառավարութիւն կազմելու լրջութիւնը: Անոր մօտ աթոռներու բաշխման հարցը վճռուած է, հակառակ քաղաքական ուժերու եւ երեսփոխանական պլոքներուն Սալամի իրենց յատկացուած նախարարութիւններուն տեսակին նկատմամբ առարկութիւններուն:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք կոչ ուղղեց` «վերադառնալու սահմանադրութեան ոգիին, զայն գործադրելու եւ անձնական պահանջներէն վեր կանգնելու»:

Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը «երդման ճառին արժեչափերով ըլլայ»:

– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ նախարարական աթոռ մը պահելը Թայէֆի համաձայնութենէն չի բխիր` աւելցնելով. «Հըզպալլան պէտք է գիտակցի, թէ անցեալը վերջ գտաւ, եւ պէտք է քաղաքական աշխատանքի ուղղուի»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նախագահ Ժոզեֆ Աունի ցուցմունքով, որոշուած է Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի թեկնածութիւնը առաջադրել Միջազգային արդարադատութեան դատարանի անդամակցութեան` նկատի ունենալով, որ Նաուաֆ Սալամ անկէ հրաժարած է վարչապետ նշանակուելէն ետք:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ժամաա Իսլամիան. «Հարաւցիներուն եւ կազացիներուն իրենց տուներ վերադարձը հաստատեց, որ իսկական տագնապը իսրայէլեան բռնագրաւումին հետ է»:

– ԷՄԻՐԱԹՑԻ գործարար Խալաֆ Հապթուր յայտարարեց. «Հապթուրի խումբի վարչական խորհուրդին հետ խորհրդակցելէ ետք տուի ցաւալի որոշում մը, որ չէի ուզեր տալ, սակայն Լիբանանի մէջ ներկայ կացութիւնը` անվտանգութեան ու կայունութեան բացակայութիւնն ու մօտակայ բարելաւման հորիզոններու չգոյութիւնը մեզ մղեց որդեգրելու հետեւեալ քայլերը` ջնջել բոլոր ներդրումային ծրագիրները, որոնք մտադիր էինք գործադրել Լիբանանի մէջ, Լիբանան չայցելել, ըլլայ ես, ընտանիքիս կամ խումբի տնօրէնները, ինչպէս նաեւ ծախել Լիբանանի մէջ բոլոր կալուածներս ու ներդրումներս»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը` Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով

Յաջորդը

Նախագահին Կոչ Ուղղելով Սրբագրելու Կառավարութեան Կազմութեան Ընթացքը` Պաարինի. «Մեր Անտեսման Լոյսին Տակ, Մեզի Կը Մնայ Միայն Դաշնակցային Դրութեան Հաստատումը Պահանջել»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?