Լիբանանեան

«Ոմանք Կ՛ուզեն Սիոնականացնել Լիբանանը  Եւ Ամերիկանացնել Անոր Հաստատութիւնները,  Եւ Այս Խաղը Երբեք Պիտի Չյաջողի»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

Շէյխ Քապալան. «Պահանջուածը Համակեցութեան Կառավարութիւն Մըն Է, Եւ Ազգային Ուխտի Համահունչ Իշխանութիւն Մը, Որ Ազգային Միասնականութիւն Կ՛իրագործէ»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին յայտնեց. «Նախքան լիբանանցի ղեկավարները, լիբանանցի ժողովուրդին կ՛ըսեմ` ո՜վ լիբանանցիներ, կ՛ուզենք միասին ապրիլ: Լիբանանեան ընտանիքը լիբանանեան քաղաքականութենէն հին է, եւ լիբանանցի ժողովուրդի կապերը ներքին քաղաքական կապերէն մեծ են, եւ քրիստոնեան իսլամին գործընկերն է, խտրութիւնը պառակտում է, երկիրը բոլորին է, կրօնը կարեկցանք, ողորմութիւն, գործընկերութիւն, սէր, միասնութիւն, գործակցութիւն, անվտանգութիւն, ապահովութիւն, իսկ ամէն անիրաւութիւն, փտածութիւն,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- «ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի նոր պատուիրակ Մորկըն Օրթակուս փետրուարի սկիզբը Լիբանան պիտի այցելէ: - ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կառավարութեան կազմութիւնը վերջին փուլին մէջ է, եւ թերեւս կը կազմուի շաբաթավերջէն առաջ»: - ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ռոյթըրզ»-ին. «Ամերիկան բարձրաստիճան լիբանանցի պաշտօնատարներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ` Հըզպալլայի կամ անոր դաշնակիցներուն կողմէ յաջորդ ելեւմուտքի նախարարի նշանակումը կանխարգիլելու համար»: - ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կազմութեան հետեւող...

Նախագահ Աուն. «Բարեկարգումները Նոր Կառավարութեան Առաջնահերթութիւններէն Պիտի Ըլլան`  Անմիջապէս, Որ Ան Կազմուի»

Նախագահ Աուն. «Բարեկարգումները Նոր Կառավարութեան Առաջնահերթութիւններէն Պիտի Ըլլան` Անմիջապէս, Որ Ան Կազմուի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգող Օմրան Ռեզայի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ բարեկարգումները կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլան` անմիջապէս, որ ան կազմուի, որովհետեւ Լիբանանը յանձնառու է այդ բարեկարգումները կատարելու` ցանկալի յառաջընթացին հասնելու համար: Ան նաեւ նշեց, որ Լիբանան պատրաստ է այդ նպատակի իրագործման համար ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն հետ գործակցելու: Նախագահ Աուն Լիբանանի մէջ Լատիններու առաջնորդ Սեզար Էսայեանի...

Զինադադարի Հաստատումէն Ետք  Առաջին Անգամ Ըլլալով.  Իսրայէլեան Բանակը Վար Առած Է Դէպի Իսրայէլեան  Հողեր Արձակուած Հըզպալլայի Հետախուզական  Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Զինադադարի Հաստատումէն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով. Իսրայէլեան Բանակը Վար Առած Է Դէպի Իսրայէլեան Հողեր Արձակուած Հըզպալլայի Հետախուզական Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պնդեց, թէ իսրայէլեան օդուժը վար առած է իսրայէլեան հողերուն ուղղութեամբ արձակուած անօդաչու թռչող սարք մը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Ընթացիկ քաղաքականութեան համաձայն, ահազանգ չհնչեցուեցաւ»: «Լիբանանէն Հըզպալլայի գործունէութիւններ պիտի չարտօնուին, եւ քայլ պիտի առնուի վերացնելու Իսրայէլի եւ անոր քաղաքացիներուն դէմ ամէն սպառնալիք», նշեց իսրայէլեան բանակը: Նախքան այդ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին. «Հարաւային Լիբանանի վերեւ օդային թիրախի...

«Լիբանանի Հետ Բանակցելու  Պարտականութիւնը Պիտի Ստանձնեմ»  Կ՛ըսէ Թրամփի Խորհրդական Պուլոս

Պուլոս. «Կը Յուսանք, Որ Նախկին Համակարգին Մէջ Դեր Ունեցածները Լիբանանեան Կառավարութեան Մէջ Չվերանշանակուին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդական Մասաատ Պուլոս «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մօտէն կը հետեւինք Լիբանանի մէջ քաղաքական զարգացումներուն եւ անհամբեր կը սպասենք համապարփակ փոփոխութիւններուն»: «Ինչպէս նախագահի եւ վարչապետի պարագային տեղի ունեցաւ, կը յուսանք, որ ատիկա արտացոլայ կառավարութեան կազմութեան մէջ, ուր պահանջուած բարեկարգումը կատարուի, եւ նախկին համակարգին մէջ դերակատարութիւն ունեցածները լիբանանեան կառավարութեան մէջ չվերանշանակուին, որպէսզի վերականգնման երթը...

Ֆաուր. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Արդար Եւ Հաւասարակշռուած  Կառավարութեան Կազմ Մը Ձեւաւորելու, Որովհետեւ  Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Հետաքրքրութիւնը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Ֆաուր. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Արդար Եւ Հաւասարակշռուած Կառավարութեան Կազմ Մը Ձեւաւորելու, Որովհետեւ Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային Հետաքրքրութիւնը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կառավարութեան կազմութեան ուշացումը ակամայ ծառայութիւն է Իսրայէլին: «Նախագահին ու Սալամին հետ քննարկումը բարեկամական է: Ներկայացուցինք կարգ մը պահանջներ, որոնցմէ քանի մը հատը դրական ընկալուեցաւ, սակայն անոնց մեծամասնութեան չընդառաջուեցաւ»: «Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին կոչ կ՛ուղղեմ` սեղանին վրայ դնելու արդար ու հաւասարակշռուած...

Անգարա. «Իսրայէլեան Օդային Յարձակում Մը  Սպաննեց Թուրք 3 Քաղաքացիներ, Որոնք Փորձեցին  Ապօրինի Կերպով Լիբանանէն Իսրայէլ Անցնիլ»

Անգարա. «Իսրայէլեան Օդային Յարձակում Մը Սպաննեց Թուրք 3 Քաղաքացիներ, Որոնք Փորձեցին Ապօրինի Կերպով Լիբանանէն Իսրայէլ Անցնիլ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդային յարձակում մը սպաննած է թուրք երեք քաղաքացիներ, որոնք փորձած են ապօրինի կերպով Լիբանանէն Իսրայէլ անցնիլ: Նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ առանց դէպքին օրը եւ վայրը նշելու յայտնեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք այս ապօրինի յարձակումը, որ մեր քաղաքացիներու սպանութեան յանգեցաւ»: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ քաղաքացիներու դիակներու Թուրքիա փոխադրման դասաւորումները ընթացքի մէջ են:...

Պըզրի Հակառակ Թեկնածուներու Անուններու  Անորոշութեան Նախագահի  Ընտրութեան Նիստ Կը Նախատեսէ

Պըզրի. «Հասարակական Կարծիքը Լիբանանցիներու Ձգտումները Գոհացնող Կառավարութիւն Մը Կը Սպասէ»

Երեսփոխան Ապտելռահման Պըզրի «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ ներկայիս կառավարութեան կազմութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ, սպասելի էր, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կառավարութիւններու կազմութիւնը արագ չ՛ըլլար, եւ հակառակ անոր որ լիբանանցիները կը փափաքին, որ կազմութեան հոլովոյթը աւելի արագ ըլլայ, սակայն անիկա տակաւին նախատեսուած ժամանակամիջոցին մէջ է, եւ թափուող ջանքերը կարճ ժամանակուան մէջ կառավարութեան կազմութեան պիտի յանգեցնեն»:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

-  «ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Մինչ ընտանիք մը Թալլուսա գիւղի դպրոցին մօտ գտնուող իր տունը կ՛այցելէր, իսրայէլեան սաւառնող սարք մը այդ վայրին մօտ ռումբ մը նետեց»: -  «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ Խարտալիի ճամբուն վրայ անցարգել հաստատած է: -  ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնըշհիի իր տան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին` ներկայութեամբ...

«Հեռու Պէտք Է Մնալ Վիճաբանութիւններէն  Եւ Նեղմիտ Քաղաքականութիւններէն  Ու Բաժիններու Շուրջ Պայքարէն»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

«Հեռու Պէտք Է Մնալ Վիճաբանութիւններէն Եւ Նեղմիտ Քաղաքականութիւններէն Ու Բաժիններու Շուրջ Պայքարէն» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տանի գործադրելու երդման ճառը, որովհետեւ լիբանանցիներուն պէտք ունեցածը արժանապատիւ կեանքն է: Ան շեշտեց, որ պէտք է հեռու մնալ «վիճաբանութիւններէն, նեղմիտ քաղաքականութիւններէն եւ բաժիններու շուրջ պայքարէն»: «Բոլոր նախարարութիւնները Լիբանանի համար են, այդպէս է նաեւ նախարարաց խորհուրդը», ընդգծեց նախագահը` նշելով. «Անհրաժեշտ է բոլոր համայնքները անոր մէջ ներկայացուին ընտրանիի ներկայացուցիչներու կողմէ, որոնք անկախ որոշումի տէր...

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  Սալամ. «Ես Բոլորին Հետ Ճկունութեամբ Վարուելու Համակիրներէն Եմ, Դժուարութիւնները Պիտի Դիմակայեմ Եւ Մօտ Օրէն Կառավարութիւնը Պիտի Կազմեմ»

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` Սալամ. «Ես Բոլորին Հետ Ճկունութեամբ Վարուելու Համակիրներէն Եմ, Դժուարութիւնները Պիտի Դիմակայեմ Եւ Մօտ Օրէն Կառավարութիւնը Պիտի Կազմեմ»

Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Ան հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Գիշեր ցերեկ կ՛աշխատիմ, որպէսզի կառավարութիւնը կազմուի, եւ կը խնդրեմ, որ համբերէք, որպէսզի տարաձայնութիւններէն խուսափինք: Ես կապի մէջ եմ եւ ամբողջական հասկացողութիւն ունիմ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ, եւ պիտի չնահանջենք արժեչափերէն, որոնք ճշդեցի, երբ ինծի այս առաքելութիւնը վստահուեցաւ, անոնք են`...

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Այս Շաբթուան  Վերջաւորութեան Կամ Յառաջիկայ  Շաբթուան Սկիզբը Պիտի Կազմուի»

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Այս Շաբթուան Վերջաւորութեան Կամ Յառաջիկայ Շաբթուան Սկիզբը Պիտի Կազմուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հարցին յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի այս շաբթուան վերջաւորութեան կամ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը: Ան ըսաւ, որ յաջորդ փուլին խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ բարեկարգումներու հսկայական աշխատանք բոլոր մակարդակներուն եւ ոլորտներուն մէջ` իրաւական, օրէնսդրական եւ տնտեսական, եւ խորհրդարանը պիտի կեդրոնանայ սահմանադրութեան եւ Ազգային համաձայնութեան ուխտին, այսինքն` Թաէֆի համաձայնագիրին վրայ:...

Աղբիւրներ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին.  Իսրայէլեան Բանակը Կը Ծրագրէ Թիրախաւորել  Հըզպալլայի` Գալիլիոյ Գիւղերուն  Մօտիկ Եղող Համալիրները

Աղբիւրներ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին. Իսրայէլեան Բանակը Կը Ծրագրէ Թիրախաւորել Հըզպալլայի` Գալիլիոյ Գիւղերուն Մօտիկ Եղող Համալիրները

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է. «Չեմ խրատեր (հարաւային Լիբանանի մէջ) վերահսկողութիւնը լիբանանեան բանակին փոխանցել, մինչեւ որ վերջինս գետնին վրայ աւելի լաւ վերահսկէ»: «Իսրայէլեան բանակը կը ծրագրէ թիրախաւորել Հըզպալլայի` Գալիլիոյ գիւղերուն մօտիկ եղող համալիրները», աւելցուցած է աղբիւրը: «Հիւսիսի բնակիչները պաշտպանելու պատասխանատուն իսրայէլեան բանակն է եւ ոչ թէ լիբանանեան բանակը կամ որեւէ այլ օտար ուժ»,...

Ռաատ. «Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ,  Արդիւնք Է Շրջանային Եւ Միջազգային  Կողմերու Պատրաստած Ծրագիրին»

Ռաատ. «Մեր Ժողովուրդի Իրաւունքն Է Բռնագրաւումին Դէմ Դնել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ երեքշաբթի գիշեր հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ Ֆաուքա եւ Զաութար գիւղերուն վրայ յարձակումները յաւելեալ ապացոյց է «իսրայէլեան գոյացութեան մեր ժողովուրդին, երկրին, ամբողջ շրջանի ժողովուրդներու եւ պետութիւններու անվտանգութեան ու կայունութեան ներկայացուցած մնայուն ու շարունակուող սպառնալիքին»: Ան նշեց, որ միջազգային ընտանիքին Իսրայէլի խախտումներուն ու յարձակումներուն նկատմամբ աչք փակելը զայն հասցուց ներկայ կացութեան, ուր բոլոր միջազգային...

Հութ. «Կարգ Մը Քաղաքական Աւանդական Ուժեր  Կը Վախնան Կորսնցնել Այն Քաղաքական Ձեռքբերումները,  Որոնք Կը Ստանային Նախկին  Կառավարութիւններու Կազմութեան Ընթացքին»

Հութ. «Կարգ Մը Քաղաքական Աւանդական Ուժեր Կը Վախնան Կորսնցնել Այն Քաղաքական Ձեռքբերումները, Որոնք Կը Ստանային Նախկին Կառավարութիւններու Կազմութեան Ընթացքին»

Երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ առ ի գործադրութիւն զինադադարի համաձայնութեան իրենց տուներն ու հողերը վերադարձող հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումներու պատկերը յաւելեալ փաստ է, թէ լիբանանցի ժողովուրդը կառչած է իր հողին եւ նախանձախնդիր է զայն ազատագրելու նոյնիսկ իր մերկ կուրծքերով: Անիկա նաեւ յաւելեալ փաստ է, որ իսրայէլացի թշնամին ո՛չ համաձայնութիւններ, ո՛չ համաձայնագիրներ, ո՛չ ալ փաստաթուղթեր կը յարգէ,...

«Ոմանք Կ՛ուզեն Սիոնականացնել Լիբանանը  Եւ Ամերիկանացնել Անոր Հաստատութիւնները,  Եւ Այս Խաղը Երբեք Պիտի Չյաջողի»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

«Ոմանք Կ՛ուզեն Սիոնականացնել Լիբանանը Եւ Ամերիկանացնել Անոր Հաստատութիւնները, Եւ Այս Խաղը Երբեք Պիտի Չյաջողի» Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան խօսքը լիբանանցի ղեկավարներուն ուղղելով յայտնեց. «Երկիրը խոր ճգնաժամի մէջ է, եւ առանց քաղաքական վերաշինութեան աշխատանքի ու Ազգային ուխտին համահունչ կառավարութեան, երկրին կառոյցը ու Ազգային պարտականութիւնը կը տկարանայ: Ներկայ պահը համայնքային պատուարներու եւ քաղաքական գրգռութեան պահը չէ: «Լիբանանի հարցը միջազգայնացնելու եւ զայն արտաքին խաղին մէջ դարձեալ դնելու փորձերը երկիրը քանդումի կը մատնեն: Պահը գերիշխանական է, եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ Թիպէ-Քանթար ճամբայէն յառաջացած է «Շալլալ» ճաշարանին մօտ եւ օդը կրակած: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը Քֆարքիլայի մէջ կատարեց նոր ականահարում մը, որուն պայթումին ձայնը լսուեցաւ շրջանին մէջ: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Պանի Հայան գիւղին վրայ ռումբեր արձակեց: -ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան ուժերը երէկ գործած են հարաւային Լիբանանի Մաժտալ...

Նապաթիէ Ֆաուքայի Վրայ Իսրայէլեան  Օդային Յարձակում

Նապաթիէ Ֆաուքայի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակում

Երէկ գիշեր Նապաթիէ Ֆաուքայի մէջ մեծ պայթում մը տեղի ունեցաւ եւ շրջանին մէջ հրդեհ յառաջացաւ: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը Նապաթիէի վրայ յարձակում մը գործած է: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Նապաթիէ Ֆաուքա շրջանին մէջ քաղաքային մեքենայ մը թիրախաւորած է: «Լեպանոն Ֆայլզ» հաղորդեց. «Նախնական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ Նապաթիէի մէջ յարձակումը...

Նախագահ Աուն Պահանջեց Իսրայէլի Վրայ  Ճնշում Բանեցնել

Նախագահ Աուն Պահանջեց Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ շարունակեց իր հաղորդակցութիւններն ու հանդիպումները` լուծելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը: Ան այս ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի հետ եւ անոր հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայ զարգացումները` կեդրոնանալով Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի վերջինս յարգէ զինադադարի համաձայնութիւնը անոր ճշդուած պայմանաժամին մէջ, որ կ՛աւարտի 18 փետրուարին:...

Սալամ. «Վերջնական Անուններ Ու Ճշդուած  Աթոռներ Չկան, Եւ Աշխատանք Կը Տանիմ  Կազմութիւնը Իրագործելու»

Սալամ. «Վերջնական Անուններ Ու Ճշդուած Աթոռներ Չկան, Եւ Աշխատանք Կը Տանիմ Կազմութիւնը Իրագործելու»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նաուաֆ Սալամ նշեց. «Մեկնաբանելով լրատուամիջոցներուն մէջ կառավարութեան կազմութեան շուրջ եւ անոր կազմութեան հաստատումին, անուններուն եւ աթոռներուն վերաբերեալ շրջանառուող լուրերը, պէտք է հաստատեմ, որ կը շարունակեմ խորհրդակցութիւններս` կազմելու համար կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն ձգտումներուն մակարդակին կ՛ըլլայ, եւ կ՛իրագործէ բարեկարգումի հրատապ կարիքը: «Տակաւին կառչած կը մնամ արժեչափերուն ու սկզբունքներուն, որոնք նախապէս յայտարարեցի: Ինչպէս նաեւ կը վերահաստատեմ, որ բոլոր շրջանառուող լուրերը...

Page 144 of 986 1 … 143 144 145 … 986

Արխիւներ