Պատր. «Սալամ Պէտք Էր Յեղափոխական Կառավարութիւն Մը Կազմէր, Եւ Թերեւս Անոր Վստահութեան Քուէ Չտանք»
Երեսփոխան Նեպիլ Պատր յայտնեց. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ձեռքը եղող ճնշումի խաղաքարտը զինադադարի համաձայնութիւնը մինչեւ մարտ 1 երկարաձգելու Հըզպալլան համոզելու կարելիութիւնն է, եւ ասիկա Իսրայէլի Ուաշինկթընէն պահանջածն է»: Պատր «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամը առաջադրեցինք վարչապետի պաշտօնին` մեկնելով մեր այն համոզումէն, որ ան իրմէ պահանջուած դերը պիտի կատարէ, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւն մը առանց մեզի, այսինքն` Նոր Լիբանան երեսփոխանական պլոքին, Ազգային...




















