Լիբանանեան

«Հըզպալլան Մեր Սահմանին Վրայ Գտնուելով  Սպառնալիք Կը Ներկայացնէ»  Կ՛ըսէ Սուրիացի Պաշտօնատար Մը

«Հըզպալլան Մեր Սահմանին Վրայ Գտնուելով Սպառնալիք Կը Ներկայացնէ» Կ՛ըսէ Սուրիացի Պաշտօնատար Մը

Սուրիոյ սահմաններու անվտանգութեան վարչութեան արեւմտեան շրջանի հրամանատար Մուապպատ Սալամէ յայտնեց. «Անցեալ շաբաթ երկրին արեւմտեան սահմաններուն վրայ մաքսանենգումի գործողութիւնները զսպելու նպատակով մեր ձեռնարկած խուզարկութիւններուն ընթացքին սուրիական Հուայեք, Ժրմաշ, Ուատի Հուրանի եւ Աքում գիւղերուն մէջ բախումներ տեղի ունեցան»: Ան Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին պնդեց. «Լիբանանեան սահմանին վրայ գտնուող մաքսանենգման աւազակախումբերուն մեծամասնութիւնը կը պատկանին Հըզպալլային, որ թմրեցուցիչի եւ զէնքի...

Պասիլ. «Լիարժէք Կառավարութեան Գոյութիւնը,  Հակառակ Մեր Առարկութիւններուն, Աւելի Լաւ Է»

Պասիլ. «Լիարժէք Կառավարութեան Գոյութիւնը, Հակառակ Մեր Առարկութիւններուն, Աւելի Լաւ Է»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կը շնորհաւորէ լիբանանցիները կառավարութեան կազմութեան համար, որովհետեւ լիարժէք կառավարութեան գոյութիւնը, «հակառակ մեր բոլոր առարկութիւններուն, աւելի լաւ է, քան մօտաւորապէս երկուքուկէս տարի ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան գոյութիւնը, ինչպէս նախապէս ըսինք, նախագահի ներկայութիւնը, թէեւ առանց մեր համաձայնութեան, դատարկութենէն լաւ է»: Պասիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական մարմինի ժողովէն ետք ըսաւ, որ ինք նաեւ...

«Կը Մերժեմ 24 Ժամ Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Ժամկէտի Խոստում Տալ»  Կ՛ըսէ Նախարար Ստի

«Կը Մերժեմ 24 Ժամ Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամկէտի Խոստում Տալ» Կ՛ըսէ Նախարար Ստի

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Ստի «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ գերիշխանական դիրքորոշման համամիտ ենք, անձնական հին յարաբերութիւն ունիմ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, եւ այսօր կարեւորագոյնը քաղաքացիի ձգտումներուն իրագործման համար մէկ միասնական խումբ ըլլալն է»: «Մեհրապի մէջ հանդիպումին նպատակը կարգ մը գործընկերներու հետ ծանօթանալու բնական խնդիրն էր, Ժահժահին շնորհակալութիւն յայտնեցինք անոր վստահութեան համար...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

-  «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբը 18 փետրուարին պիտի գումարէ ժողով մը, եւ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս մտադիր է այս թուականէն առաջ երկրորդ այցելութեամբ մը Լիբանան վերադառնալ»: -  ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին յայտնեցին, որ նոր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը «պիտի հիմնուի նախագահի երդման ճառին, Թաէֆի համաձայնութեան ու զինադադարի համաձայնութեան վրայ, եւ հեռու պիտի...

«Բարեկարգման Ու Փրկութեան» Նախարարաց  Նորակազմ Խորհուրդը Այսօր  Կը Գումարէ Իր Առաջին Նիստը

«Բարեկարգման Ու Փրկութեան» Նախարարաց Նորակազմ Խորհուրդը Այսօր Կը Գումարէ Իր Առաջին Նիստը

Շաբաթ, 8 փետրուարին Պաապտայի պալատին մէջ գումարուեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ ժողով մը, որուն աւարտին Պըրրի նախագահական պալատէն մեկնելու ատեն ըսաւ. «Սուրբ Մարունի օրհնութիւնները»: Անմիջապէս ետք վարչապետարանի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքիէ հասաւ պալատ: Նախագահ Աուն ստորագրեց Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան հրաժարականի, վարչապետ Սալամի նշանակման հրամանագիրը եւ վերջինիս հետ ստորագրեց 24 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան...

Օրթէյկըսի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սահեր. «Լիբանանի Հետ Աւելի Լաւ  Յարաբերութիւններու Առիթ Գոյութիւն Ունի»

Օրթէյկըսի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սահեր. «Լիբանանի Հետ Աւելի Լաւ Յարաբերութիւններու Առիթ Գոյութիւն Ունի»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, որ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի հետ եւ անոր հետ քննարկած Լիբանանի մէջ կացութիւնն ու շրջանային այլ հարցեր: «Հըզպալլայի դէմ Իսրայէլի արձանագրած ձեռքբերումներէն ետք, Լիբանանի մէջ աւելի լաւ ապագայի առիթ կայ, եւ թերեւս նոյնիսկ մեր երկու երկիրներուն միջեւ աւելի լաւ յարաբերութիւններու», պնդեց Սահեր: Իսրայէլեան դիւանագիտութեան...

Ռայի Պատրիարք. «Նախագահ Աունի Ընտրութեամբ  Ստեղծուած Վստահութիւնը Կառավարութեան  Կազմութեամբ Աճեցաւ, Եւ Բոլոր Նախարարներն Ալ  Խոստմնալից Են»

Ռայի Պատրիարք. «Նախագահ Աունի Ընտրութեամբ Ստեղծուած Վստահութիւնը Կառավարութեան Կազմութեամբ Աճեցաւ, Եւ Բոլոր Նախարարներն Ալ Խոստմնալից Են»

Կիրակի օր, կեդրոնական Պէյրութի Սեն Ժորժ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Մարոնի տօնին առիթով պատարագ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, առաջին տիկին Նեհմաթ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ բազմաթիւ երեսփոխաններ, նախկին վարչապետներ, նախկին երեսփոխաններ ու քաղաքական դէմքեր: Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ խօսքը նախագահ Աունին ուղղելով յայտնեց. «Աւելի քան երկու...

Պայրամ. «Դիմադրութիւնը Ներքին Հաւասարակշռութենէն  Ջնջելու Ոմանց Փորձերը Ձախողութեան Մատնուեցան»

Պայրամ. «Դիմադրութիւնը Ներքին Հաւասարակշռութենէն Ջնջելու Ոմանց Փորձերը Ձախողութեան Մատնուեցան»

Նախկին նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց. «Դիմադրութիւնը ներքին հաւասարակշռութենէն ջնջելու ոմանց փորձերը ձախողութեան մատնուեցան, շնորհիւ Դիմադրութեան ղեկավարութեան իմաստութեան եւ ժողովուրդի, բանակին ու Դիմադրութեան զոհողութիւններուն»: «Այն, ինչ որ չկրցան իրագործել զինուորական գետնի վրայ, ուզեցին քաղաքականութեան ճամբով իրագործել, ուստի զայն ձախողութեան մատնեցինք, երկիրն ու ազգային միասնականութիւնը պահպանեցինք, ազգային կամքին ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ու կառավարութեան կազմութեան նպաստեցինք», նշեց Պայրամ: «Մեր ձեռքը բոլորին երկարած...

Մըթրի. «Կառավարութեան Աշխատանքային  Ծրագիրի Կէտերը Ծանօթ Են, Եւ Երդման Ճառը  Հիմնարար Փաստաթուղթ Է  Եւ Այդ Ծրագիրին Հիմը Պիտի Ըլլայ»

Մըթրի. «Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Կէտերը Ծանօթ Են, Եւ Երդման Ճառը Հիմնարար Փաստաթուղթ Է Եւ Այդ Ծրագիրին Հիմը Պիտի Ըլլայ»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի յայտնեց. «Մեզ սպասող դժուար աշխատանքին մէջ մեր յաջողութեան առաջին պայմանը միասնականութիւնն է: Կառավարութեան ձգտած կարեւորագոյն նպատակը իբրեւ միախմբուած խումբ աշխատիլն է, եւ նախարարական միասնականութեան սկզբունքը յարգելը»: Մըթրի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Նախարարաց խորհուրդը այն վայրն է, ուր մեր գործընկերութիւնը կը փաստենք, եւ ոչ թէ վայր մը, ուր փոխադարձ քննադատութիւն կը կատարենք»: «Մենք կառավարութիւն մը չենք, ուր պարտուող...

Իր Կուսակցութեան Առաջադրած  4 Նախարարներուն Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Որեւէ Նոր Տուրքի  Հաստատումը Պիտի Չընդունինք»

Իր Կուսակցութեան Առաջադրած 4 Նախարարներուն Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Որեւէ Նոր Տուրքի Հաստատումը Պիտի Չընդունինք»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կուսակցութեան առաջադրած չորս նախարարները` արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժին, ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստին, ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրին եւ գաղթականներու նախարար Քամալ Շահատէն ընդունելէ ետք յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը «աւելի յոյսի կառավարութիւն է, քան բարեկարգման ու փրկութեան, եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած չորս նախարարները գերիշխանական են»: «Ներկայ կառավարութիւնը յոյսի կառավարութիւնն է, որովհետեւ երկար...

Հանին Սէյիտ. «Առաջնահերթութիւնս Ելեւմուտքի  Նախարարը Ընկերային Պաշտպանութեան Վրայ  Աւելի Ծախսելու Համոզելն Է»

Հանին Սէյիտ. «Առաջնահերթութիւնս Ելեւմուտքի Նախարարը Ընկերային Պաշտպանութեան Վրայ Աւելի Ծախսելու Համոզելն Է»

Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Առաջնահերթութիւնս ելեւմուտքի նախարարը ընկերային պաշտպանութեան վրայ ծախսերը աւելցնելու համոզելն է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ցանցերու վրայ ծախսը համաշխարհային մակարդակի վրայ ամէնէն ցածն է: Ընկերային պաշտպանութեան ցանցերու պիւտճէն բարձրացնելու առումով ելեւմուտքի նախարարը պէտք է համոզուի, որ այդ ծրագիրները ազդու են»: «Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը գետնի վրայ եւ մարդոց կենցաղին վրայ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ ԱՐԱՊԻԱ», մէջբերելով Միջազգային դրամական ֆոնտը, յայտնեց. «Լիբանան կարիքը ունի տնտեսական բարեկարգումներու, եւ կացութիւնը այժմ յարմար է ատիկա կատարելու»: - «ՌՈՅԹԸՐԶ» հաղորդեց. «Լիբանանի միջազգային պարտատոմսերը աւելի քան մէկ սենթով բարձրացան նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք»: - ՈՍԿԻԻ միջազգային խորհուրդը հաղորդեց. «Լիբանան արաբական երկիրներուն մէջ աշխարհի վրայ ոսկիի ամէնէն շատ պահեստ ունեցող երկիրներու շարքին կը գրաւէ 2-րդ դիրքը»: Լրատու գործակալութիւնը...

Դոկտ․Նորա Պայրագտարեան նշանակուեցաւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար

Դոկտ․Նորա Պայրագտարեան նշանակուեցաւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի Կենսագրական Գիծեր Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանեան համալսարանին մէջ իրաւաբանութեան եւ քաղաքական ու վարչագիտական գիտութիւններու կաճառի դասախօս է ու բաժանմունքի տնօրէն, նաեւ կը դասախօսէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: 2004 թուականին Ֆրանսայի Սորպոնի համալսարանէն ստացած է դոկտորականի աստիճան, իսկ 2017 թուականին` փրոֆեսէօրի աստիճան Լիբանանեան համալսարանէն: Անդամ է Լիբանանեան համալսարանի Դոկտորական աստիճանի բարձրագոյն հիմնարկի միջազգային յանձնախումբին եւ համակարգող` Քաղաքական գիտութիւններու...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Մար Մարունի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 10 փետրուար 2025-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 11 փետրուար 2025-ին:  

Օրթէյկըս Լիբանանի Նախագահական  Պալատէն Յայտարարեց.  «Իսրայէլ Պարտութեան Մատնեց Հըզպալլան,  Եւ Մենք Երախտապարտ Ենք Անոր. Հըզպալլային  Պիտի Չարտօնենք Կառավարութեան Մաս Կազմել»

Օրթէյկըս Լիբանանի Նախագահական Պալատէն Յայտարարեց. «Իսրայէլ Պարտութեան Մատնեց Հըզպալլան, Եւ Մենք Երախտապարտ Ենք Անոր. Հըզպալլային Պիտի Չարտօնենք Կառավարութեան Մաս Կազմել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս երէկ այցելեց Լիբանան: Ան Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անոր փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի շնորհաւորութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները` ընդգծելով Միացեալ Նահանգներուն աջակցութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն: Օրթէյկըս հանդիպումէն ետք նախագահական պալատէն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ աշխարհի վրայ լիբանանցիներուն մօտ «այս երկրին...

Հայըաթ Թահրիր Շամը Հերմելի Շրջանին Մէջ  Ժըրմաշ Եւ Քուախ Գիւղերը Կը Թիրախաւորէ

Հայըաթ Թահրիր Շամը Հերմելի Շրջանին Մէջ Ժըրմաշ Եւ Քուախ Գիւղերը Կը Թիրախաւորէ

Հայըաթ Թահրիր Շամի Քուսէյրի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող հրետանին երէկ թիրախաւորեց Հերմելի կողմէ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող Ժըրմաշ գիւղը: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ Հայըաթ Թահրիր Շամի զինեալները արձակած են ականուած անօդաչու թռչող սարք մը, որ Ժըրմաշ գիւղին վերեւ պայթած է: Հայըաթ Թահրիր Շամի կողմէ արձակուած հրթիռ մըն ալ ինկած է Քուախ գիւղին մերձակայքը, իսկ այլ հրթիռ մը գիւղին...

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը հինգշաբթի գիշեր օդային յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Հումին Ֆաուքա եւ Ռումին գիւղերու մերձակայքին վրայ: Աւելի ուշ, իսրայէլեան օդուժը 4 յարձակումներ գործեց Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Զապատանիի մերձակայքին վրայ, իսկ շուրջ ժամը 10:35-ին իրերայաջորդ 2 յարձակումներ գործեց Նապաթիէ գաւառի Պաֆրուա եւ Իզեթ գիւղերուն միջեւ գտնուող հովիտին վրայ: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Յարձակում գործեցինք Հըզպալլայի...

Պասիլ. «Չենք Ընդունիր Երկու Չափ Երկու Կշիռի  Կառավարութեան Մը Մէջ Ըլլալ. Արժեչափերը  Կա՛մ Բոլորիս Համար Են, Կա՛մ Ոչ Ոքի»

Պասիլ. «Չենք Ընդունիր Երկու Չափ Երկու Կշիռի Կառավարութեան Մը Մէջ Ըլլալ. Արժեչափերը Կա՛մ Բոլորիս Համար Են, Կա՛մ Ոչ Ոքի»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Չենք ընդունիր երկու չափ երկու կշիռի կառավարութեան մը մէջ ըլլալ. արժեչափերը կա՛մ բոլորիս համար են, կա՛մ ոչ ոքի: Այդ բոլորը անյստակ արժեչափերուն պատճառով է, եւ այդ արժեչափերուն բացակայութիւնը արգելք հանդիսացաւ կառավարութեան կազմութեան»: «Կողմնակալութիւն կայ (լիբանանեան հասարակութեան) բաղադրիչ մասերուն միջեւ. տիւրզիներուն մօտ անուններուն ու աթոռներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, շիիներուն...

Ժոմպլաթ. «Իսրայէլացիին Լիբանանի Մէջ Սկսած Պատերազմը Կրնայ Մէկ Կամ Երկու Տարի Տեւել»

Ժոմպլաթ Լիբանանի Մէջ Ոմանց Իսրայէլի Յարձակումները Ընդդէմ Այլ Խումբի Օգտագործելու Պատրանքէն Կը Զգուշացնէ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Պալֆուրի խոստումէն մինեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խոստում, սիոնական գաղափարախօսութեան ընթացքը, Պաղեստինի մէջ արաբներու հողի գրաւելէն ու պաղեստինցի արաբ ժողովուրդի պատմական ու գոյութենական ինքնութիւնը ջնջելու փորձէն չէ փոխուած»: «107 տարիներէ ի վեր, սիոնականութեան աջակցող արեւմտեան ուժերը, նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգները իրենց ընթացքը չփոխեցին, մանաւանդ ներկայ փուլին, ուր աստուածաշնչական հին կտակարանեան...

Պաարինի. «Սալամին Հետ Փակուղիի Մէջ Յայտնուեցանք,  Եւ Կը Սպասենք Կառավարութեան Կազմութեան,  Որպէսզի Վստահութեան Քուէի Վերաբերեալ  Մեր Կեցուածքը Ճշդենք»

Պաարինի. «Սալամին Հետ Փակուղիի Մէջ Յայտնուեցանք, Եւ Կը Սպասենք Կառավարութեան Կազմութեան, Որպէսզի Վստահութեան Քուէի Վերաբերեալ Մեր Կեցուածքը Ճշդենք»

Երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ ինք նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հասած է փակուղիի` նշելով. «Կը պատրաստեմ կիրակի օր Աքքարի մէջ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ հանդիպումը` զանոնք մթնոլորտին մէջ դնելու համար»: Պաարինի «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Մենք յայտարարութիւններուն նշաձողը անձնական շահերու համար չենք բարձրացներ, այլ հասարակական շահին ու մեր շրջանի շահին համար, եւ վերջ տալու համար մեկուսացման, որմէ տարիներէ ի վեր կը տառապինք»:...

Page 141 of 986 1 … 140 141 142 … 986

Արխիւներ