Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն եւ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբի փոխնախագահ ֆրանսացի զօրավար Կիոմ Պոշանը:
Աուն Մակրոյին կոչ ուղղեց, որ Ֆրանսան զօրակցի վերջին պատերազմի ընթացքին Իսրայէլի գրաւած բոլոր հողերէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացումը պահանջող Լիբանանի դիրքորոշման եւ անոր վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի դադրի 27 նոյեմբեր 2024-ին գոյացած զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելէ, մասնաւորաբար սահմանամերձ հարաւային գիւղերու մէջ շէնքերն ու պաշտամունքի վայրերը պայթեցնել շարունակելէ:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ ֆրանսական կողմին կոչ ուղղեց` «ճնշում բանեցնելու մինչեւ յառաջիկայ 18 փետրուարին նշանակուած պայմանաժամը ազատ արձակելու լիբանանցի գերիները»:
Նախագահ Աուն երէկ ստանձնեց 13 դեսպաններու, որոնց շարքին` Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի, Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտելռահման Ֆայսալ Սանի Ալ Թանիի, Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաճիթէօտոսիուի եւ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլոյի, Շուէտի դեսպան Ճեսիքա Մարիա Թերեզ Սվարտսթորմի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի եւ շարք մը այլ դեսպաններու հաւատարմագիրները:


