Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պէյրութի մէջ Մաքասետ իսլամական բարեգործական միութենէն պատուիրակութիւն մը ընդունելու ընթացքին յայտարարեց. «Ես համաձայն եմ եւ մնայուն խորհրդակցութեան մէջ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, եւ պիտի հասնինք կառավարական տարազի մը, որ կ՛որդեգրէ մեր ճշդած արժեչափերն ու սկզբունքները»:
Նախագահ Աուն ըսաւ. «Մաքասետ միութիւնը ազգային բացառիկ դերակատարութիւն ունի եւ կրցաւ տնտեսական տագնապները շրջանցել շնորհիւ այն մեծ վստահութեան, որ կը վայելէ Լիբանանի ծառայութեան մէջ»: