Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ախպար»-ի. Շարհ Լիբանանէն Գաղթականներու Տունդարձին Դիմաց Սուրիացիներու Պահ Դրուած Գումարներու Վերադարձը Պահանջած Է

February 7, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ «Ախպար» օրաթերթին, Սուրիոյ փոխանցման նախագահ Ահմետ Շարհի եւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի միջեւ 11 յունուարին Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Շարհ յստակօրէն ըսած է. «Սուրիան Լիբանանի մէջ Հըզպալլային գումարներու կամ զէնքերու անցումը պիտի չարտօնէ, որովհետեւ ան սուրիացիներուն վնաս հասցուց եւ անոնց հողերուն վրայ անոնց դէմ կռուեցաւ»` նշելով, որ կուսակցութիւնն ու Իրանը պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն շրջանին ու անոր ժողովուրդներուն նկատմամբ իրենց քաղաքականութիւնը:

Անդրադառնալով երկու երկիրներու դիմագրաւած հասարակաց վտանգներուն` Շարհ նշած է «ՏԱՀԵՇ-ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի համար ներկայացուցած ապահովական վտանգը»` զգուշացնելով, որ արտաքին աջակցութեամբ փորձեր կան Լիբանանի մէջ, մասնաւորաբար հիւսիսային Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի բջիջներ կազմելու, եւ անոնց գործունէութեան ուղղութիւնը սուրիական հողերը պիտի ըլլայ` սուրիական նոր վարչակազմին «աշխարհիկութեան» դէմ պայքարելու պատրուակով:

Ըստ օրաթերթին, լիբանանեան պատուիրակութիւնը արծարծած է 1.350.000 սուրիացի գաղթականները Լիբանանէն իրենց երկիր վերադարձնելու հարցը: Շարհ ըսած է, որ անոնք մեծամասնութեամբ «տուներ չունին, ուստի ո՞ւր պիտի վերադառնան»` կոչ ուղղելով համբերելու: Ապա իր լիբանանցի զրուցակիցները անակնկալի բերելով ըսած է. «Համբերեցէք մեզի, ինչպէս մենք համբերութիւն կը ցուցաբերենք Լիբանանի մէջ սուրիացիներու պահ դրուած գումարներուն կորուստին նկատմամբ»:

Միքաթի պատասխանած է, թէ անոնք սուրիացի անհատներու են եւ ոչ թէ սուրիական պետութեան, եւ անոնք «պիտի արժանանան պահեստի գումարներ ունեցող լիբանանցիներուն նկատմամբ նոյն մեքանիզմով վերաբերմունքի»: Շարհ ժպտացած է եւ ըսած. «Ձեր մօտ պահեցէք, մինչեւ որ դրամները վերադարձնէք»:

 

Նախորդը

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութեան Ու Ազատագրման Երթը Կը Շարունակուի»

Յաջորդը

Ապու Հասան. «Կարիքը Չկայ Նախկին Նախարարական Ուղերձներուն Նման Խնդրայարոյց Նշանաբաններ Յօրինելու»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.