Տուէյհի Սալամին. «Կառավարութեան Կազմութեան Ընթացքը Պէտք Է Սրբագրել, Այլապէս Վստահութեան Քուէ Պիտի Չտամ»
Փոփոխութեան դաշինք երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Տուէյհի յայտնեց. «Ես ու ընկերներս բուռն պայքար մղեցինք Նաուաֆ Սալամի վարչապետ նշանակման համար` այն հաստատ համոզումով, թէ ան իր անհատականութեամբ, փորձառութեամբ ու պարկեշտութեամբ կարողութիւնը ունի նպաստելու ճամբու բացմանը նախագահի երդման ճառին, որ լիբանանցիներուն կողմէ մեծ զօրակցութեան արժանացաւ, եւ սկսելու միջազգային որոշումները, ներառեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ զինադադարը գործադրելու, ինչպէս նաեւ ելեւմտական...




















