– «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ ԱՐԱՊԻԱ» հաղորդեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Լիբանանի նախագահին ու կառավարութեան:
Անոնք նշած են զինադադարի համաձայնութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչ որ առիթ կ՛ընծայէ Լիբանանի մէջ կայունութեան վերականգնման:
– ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն Զինադադարի հսկողութեան ՄԱԿ-ի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Փաթրիք Կոշային ներկայացուց դէտերուն աշխատանքը:
Նախագահ Աուն շեշտեց «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը եւ իսրայէլեան ուժերու հեռացումը այն հողերէն, զորս վերջին պատերազմի ընթացքին գրաւեց, ինչպէս նաեւ ազատ արձակումը լիբանանցի գերիներուն»:
– ԹԱՈՒՀԻՏ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն «չըսաւ բան մը, որ զայն չըրաւ, եւ յառաջիկայ 25 տարուան ընթացքին Իսրայէլի հետ պատերազմ պիտի չըլլայ, բացի եթէ Նեթանիահուն որոշէ պատերազմներ ծագեցնել»:
– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակի մեծաթիւ ուժեր տեղակայուած են Սուրիա-Լիբանան հիւսիսային սահմաններուն վրայ` զինեալներուն լիբանանեան հողեր մուտքը արգիլելու համար:
«Նաշրա» հաղորդած էր, որ շրջանին մէջ կրակոցներու ձայներ կը լսուին լիբանանեան աշիրեթներու եւ Հայըաթ Թահրիր Շամի միջեւ բախումներու պատճառով: