Երեսփոխան Միշել Տահեր նշեց. «Կայ կարեւորը եւ կայ աւելի կարեւորը, ուստի շատ կարեւոր է, որ քաղաքական հաւասարակշռութիւններու եւ երկրի բաղադրիչ տարրերու արդար ներկայացուցչութիւնը յարգուի, սակայն աւելի կարեւորը այն է, որ այս կառավարութեան առաքելութիւնն է եւ վստահութիւնը, որ կրնայ փաստել, որպէսզի յուսալի օգնութիւններն ու ներդրումները հասնին Լիբանան»:
«Ի՞նչ օգուտ ունի որեւէ կողմի, կուսակցութեան կամ համայնքի յաւելեալ կամ նուազ նախարարով, գերիշխանական կամ ծառայողական նախարարութեամբ ներկայացուիլը, եթէ կառավարութիւնը միախումբ է եւ միասնաբար կ՛ուղղուի տասնամեակներէ ի վեր կորսուած պետութեան հաստատման: Քաղաքական ուժերը գոհացնելը ի՞նչ օգուտ ունի, եթէ այս կառավարութիւնը չյաջողեցաւ վերաշինութեան համար նիւթական օժանդակութիւններ ստանալ եւ եթէ ներդրումներ ապահովելու եւ տնտեսութիւնը աշխուժացնելու համար ապահովական ու քաղաքական կայունութիւնը չպարտադրեց», հարց տուաւ Տահեր:
«Կառավարութեան կազմութեան բոլոր առնչակիցները, ինչպէս նաեւ անոր մաս կազմողները պէտք է լաւապէս գիտակցին, թէ ի՛նչը կարեւոր է եւ ի՛նչը կարեւորագոյնը», նշեց երեսփոխանը:


