Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ապահովութեան Խորհուրդին Իսրայէլի Դէմ Բողոք Ներկայացուց

February 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութեան ճամբով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց Իսրայէլի դէմ բողոք մը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ թշնամական արարքները դադրեցնելու յայտարարութիւնը խախտելուն, ինչպէս նաեւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան վերաբերեալ ապահովական ամրապնդուած դասաւորումներուն վերաբերեալ իր յանձնառութիւնները ամբողջութեամբ անտեսելուն համար:

Բողոքը նշեց, որ Իսրայէլ 27 նոյեմբեր 2024-ին թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութիւնը ուժի մէջ մտնելէն ի վեր զայն շարունակաբար կը խախտէ` շարունակելով ցամաքային ու օդային յարձակումները, քանդելով տուներ ու բնակելի թաղամասեր, ինչպէս նաեւ գործելով մեծ խախտումներ, ինչպէս` լիբանանցի քաղաքայիններ, ներառեալ լիբանանեան բանակի զինուորներ առեւանգելով, իրենց գիւղեր վերադարձող քաղաքայիններուն վրայ յարձակում գործելով, ինչ որ պատճառ դարձաւ շուրջ 24 քաղաքայիններու սպանութեան եւ աւելի քան 124 ուրիշներու վիրաւորման:

Բողոքը նաեւ մատնանշեց Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան բանակի ուժերու եւ լրագրողներու թիրախաւորումը, ինչպէս նաեւ Կապոյտ գիծին վրայ որոշակի հինգ նշաններ վերցնելը, ինչ որ թիւ 1701 որոշումի եւ Լիբանանի գերիշխանութեան բացայայտ խախտում է:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանան կը մերժէ իսրայէլեան այս կանոնաւոր յարձակումներն ու խախտումները, եւ Ապահովութեան խորհուրդին, մասնաւորաբար զինադադարի հովանաւոր պետութիւններուն կոչ ուղղեց` «իրերայաջորդ այս խախտումներուն նկատմամբ խիստ ու յստակ կեցուածք որդեգրելու եւ աշխատանք տանելու Իսրայէլին ստիպելու, որ յարգէ իր ստանձնած յանձնառութիւնները»:

Նախարարութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` «ամրապնդելու լիբանանեան բանակի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աջակցութիւնը` երաշխաւորելու համար Լիբանանի գերիշխանութեան պաշտպանութիւնն ու լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը»:

Նախորդը

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Խորհրդարանին Վստահութիւնը Ստանայ, Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Ձախողման Նկատմամբ Մտավախութիւն Սկսանք Ունենալ»

Յաջորդը

«Քաթար Հաստատօրէն Լիբանանի Վերաշինութեան Թղթածրարին Մէջ Ներկայ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.