Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապու Հասան. «Կարիքը Չկայ Նախկին Նախարարական Ուղերձներուն Նման Խնդրայարոյց Նշանաբաններ Յօրինելու»

February 7, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի քարտուղար երեսփոխան Հատի Ապու Հասան յայտնեց, որ լիբանանցիները առջեւն են փապուղիէն դուրս գալու արժեքաւոր առիթի մը, որ սկսաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահ ընտրութեամբ, ապա միջազգային արդարադատութեան դատաւոր Նաուաֆ Սալամի վարչապետի պաշտօնին նշանակումով` կազմելու համար նախագահի երդման ճառի ոգիէն բխող նոր ու խոստմնալից կառավարութիւն մը:

Ապու Հասան քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ առանց բացառութեան բոլոր քաղաքական ուժերէն կը պահանջուի դիւրացնել նշանակեալ վարչապետին առաքելութիւնը եւ զայն չծանրաբեռնել խոչընդոտող պայմաններով ու պահանջներով, որպէսզի կառավարութեան կազմութեան դիմաց ծառացած բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարուին եւ դէպի նոր Լիբանան սկսի, սակայն անոր դիմաց պէտք է նախարարներու ընտրութեան ու նախարարութիւններու արդարութեան ու հաւասարութեան հիմքի վրայ բաժանման մէջ կիրարկուի արժեչափերու միութեան սկզբունքը, ինչ որ քաղաքական հիմնական ուժերը կը միաւորէ մէկ կառավարութեան մը մէջ, որ Լիբանանը խաւարէն դէպի լոյս դուրս կը բերէ:

Ան նշեց, որ բնական է, որ շիի երկեակը ներկայացուած ըլլայ կառավարութեան մէջ, սակայն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթն ու Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը ընդգծեցին նախարարական աթոռներու բաժանման մէջ հերթափոխութեան անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ որ Թաէֆի համաձայնագիրը ո՛չ բացայայտ կերպով, ո՛չ ալ տողատակի նշեց նախարարութիւն մը որոշ համայնքի յանձնելը:

Ապու Հասան ընդունելի նկատեց կառավարութեան կազմութեան դժուարութիւններու յաղթահարման համար ելեւմուտքի նախարարութիւնը շիի համայնքին յանձնելը, պայմանով որ ատիկա հետագային որեւէ պատրուակով կամ պատճառով հրամանագիրները ստորագրել մերժելով կառավարութեան ու պետութեան աշխատանքի խանգարման նկատմամբ հանդուրժողականութեան չյանգեցնէ:

Երեսփոխանը կոչ ուղղեց երեսփոխանական բոլոր պլոքները միացեալ արժեչափերով կառավարութեան մէջ ներկայացնելու` անոնցմէ իւրաքանչիւրին վստահելով իր երեսփոխանական չափին համահունչ եղող նախարարական աթոռներ:

Անդրադառնալով նախարարական ուղերձի բանաձեւման` Ապու Հասան ըսաւ. «Պէտք է նախարարական ուղերձը նախագահ Աունի երդման ճառին եւ Սալամի վարչապետ նշանակման համահունչ ըլլայ: Ուստի կարիքը չկայ նախկին նախարարական ուղերձներուն նման խնդրայարոյց նշանաբաններ յօրինելու: Եթէ կարիքը կայ, որ նախարարական ուղերձը նշանաբան մը պարունակէ, ապա թող միայն ըլլայ պետութեան նշանաբանը, որ սահմանադրութեան եւ ընթացիկ կանոններու համաձայն է, որովհետեւ պետութիւնը հողը, ժողովուրդն ու հաստատութիւններն է Ազգային համաձայնութեան ուխտէն բխող սահմանադրութեան նշաձողին տակ»:

Երեսփոխանը մեծ շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական պետութիւններուն, մասնաւորաբար Արաբական ծոցի պետութիւններուն, արաբական ինքնութեան տէր Լիբանանի կողքին կանգնելնուն ու անսահման կերպով անոր աջակցելնուն համար, որպէսզի երկիրը դուրս գայ իր ճգնաժամերէն:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանը իր զգացումով ու պատկանելիութեամբ արաբական էր եւ պիտի մնայ:

 

Նախորդը

Ըստ «Ախպար»-ի. Շարհ Լիբանանէն Գաղթականներու Տունդարձին Դիմաց Սուրիացիներու Պահ Դրուած Գումարներու Վերադարձը Պահանջած Է

Յաջորդը

«Կառավարութեան Կազմութիւնը Խոչընդոտողի Դիրքի Վրայ Պիտի Չըլլանք, Սակայն Երկու Չափ Երկու Կշիռի Քաղաքականութիւնը Պիտի Չընդունինք» Կ՛ըսէ Ազգային Անկախ Պլոքը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.