Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բարեկարգման Ու Փրկութեան» Նախարարաց Նորակազմ Խորհուրդը Այսօր Կը Գումարէ Իր Առաջին Նիստը

Փետրուար 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 8 փետրուարին Պաապտայի պալատին մէջ գումարուեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ ժողով մը, որուն աւարտին Պըրրի նախագահական պալատէն մեկնելու ատեն ըսաւ. «Սուրբ Մարունի օրհնութիւնները»: Անմիջապէս ետք վարչապետարանի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքիէ հասաւ պալատ:

Նախագահ Աուն ստորագրեց Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան հրաժարականի, վարչապետ Սալամի նշանակման հրամանագիրը եւ վերջինիս հետ ստորագրեց 24 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրը:

Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմը.  Նաուաֆ Սալամ` վարչապետ, Թարեք Մըթրի` փոխվարչապետ, իսկ նախարարները` Միշել Մնասսա` պաշտպանութեան, Ահմետ Հաժժար` ներքին գործոց, Եուսեֆ Ռաժժի` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, Եասին Ժապեր` ելեւմուտքի, Ղասսան Սալամէ` մշակոյթի, Լորա Խազեն-Լահուտ` զբօսաշրջութեան, Քամալ Շահատէ` գաղթականներու, արհեստագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան, Նորա Պայրագտարեան` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու, Ռիմա Քարամէ` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման, Ատել Նասսար` արդարութեան, Ռաքան Նասրէտտին` առողջապահութեան, Մոհամետ Հայտար` աշխատանքի, Ճօ Ստի` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, Ամեր Պսաթ` տնտեսութեան եւ առեւտուրի, Շարլ Հաժ` հաղորդակցութեան միջոցներու, Ճօ Իսա Խուրի` ճարտարարուեստի, Ֆայեզ Ռասամնի` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու, Նիզար Հանի` երկրագործութեան, Ֆատի Մաքքի` վարչական բարեկարգումի, Թամարա Զէյն` կենսոլորտի, Հանին Սէյիտ` ընկերային հարցերու եւ Փոլ Մըրքոս` տեղեկատուութեան նախարար:

Վարչապետ Սալամ Պաապտայի պալատէն յայտարարեց. «Կը մաղթեմ, որ անիկա բարեկարգումի եւ փրկութեան կառավարութիւն ըլլայ, եւ կը շեշտեմ, որ բարեկարգումը փրկութեան միակ ուղին է, եւ Լիբանանի մէջ անվտանգութիւն ու կայունութիւն պէտք է ապահովել` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը ամբողջացնելու միջոցով»:

«Այս կառավարութիւնը պիտի ջանայ քաղաքացիներուն ու պետութեան միջեւ վստահութիւնը վերականգնել եւ կամրջել այն բացը, որ ստեղծուած է պետութեան ու երիտասարդութեան ձգտումներուն միջեւ, եւ պէտք է աշխատի ամբողջացնելու Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութիւնը, ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումներ կատարէ եւ անկախ արդարադատական իշխանութիւն ստեղծէ», աւելցուց Սալամ:

«Որեւէ (կառավարական) կազմ դժուար թէ բոլորը գոհացնէ, սակայն կառավարութիւնը պիտի աշխատի միախումբ ըլլալ: Բազմազանութիւնը անոր աշխատանքին խոչընդոտման աղբիւր պիտի չըլլայ եւ նեղ շահերը անոր մէջ տեղ պիտի չունենան», նշեց ան:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց նոր կառավարութեան կազմութեան համար եւ շնորհաւորեց անոր վարչապետն ու նախարարները` անոնց յաջողութիւն մաղթելով:

Նախագահ Աուն նշեց, որ կառավարութեան անդամները ոչ կուսակցականներ են եւ հաստատօրէն բոլոր լիբանանցիներուն պիտի ծառայեն, որովհետեւ անոնց նպատակը Լիբանանի շահն է, եւ «Բարեկարգման ու փրկութեան» կառավարութեան կազմութիւնը հիմնուեցաւ կարողութեան, փորձառութեան, մասնագիտութեան, կենսագրականի եւ լաւ վարկի վրայ:

«Սալամի հետ համաձայնութիւն գոյացուցի, որ կառավարութեան մէջ քաղաքական կուսակցութիւններու անդամ նախարարներ չըլլան, եւ անոնք պիտի ըլլան միախումբ ու միասնական, եւ պիտի գործեն աշխատանքային համախմբուած կերպով», ըսաւ ան:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շնորհաւորեց կառավարութեան կազմութիւնը` նշելով. «Լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է կառավարութեան մը, որ կ՛աշխատի լիբանանեան պետութեան հաստատութիւններու կառուցման, փտածութեան դէմ պայքարի եւ պէտք եղած բարեկարգումներու գործադրութեան վրայ: Կը յորդորենք բանաձեւելու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիր մը, որ Լիբանանին կ՛օգնէ շրջանցելու ճգնաժամը եւ ուրուագծելու այդ նպատակներու իրագործման համար ուղի մը»:

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հէյմըշ Քաուըլ յայտարարեց. «Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան այսօր յայտարարումը եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի շտապ բարեկարգումներուն նկատմամբ յանձնառութիւնը Լիբանանի համար բոլոր այս մարտահրաւէրներէն ետք կարեւոր պահ կը կազմեն»:

«Անհամբեր կը սպասենք Նաուաֆ Սալամի եւ անոր նախարարական խումբին հետ աշխատելու` աջակցելու համար բարեկարգումներուն եւ ամրապնդելու Լիբանանի կայունութիւնն ու բարգաւաճումը», նշեց դեսպանը:

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տը Վալ յայտարարեց. «Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք լիբանանեան նոր կառավարութեան եւ կ՛ողջունենք վարչապետ Նաուաֆ Սալամի բարեկարգչական ծրագիրին յանձնառութիւնը: Բարեկարգումները անհրաժեշտ են Լիբանանի ապագային համար, եւ պիտի շարունակենք անոր զօրակցիլ: Բոլոր պատասխանատուներուն կը վստահինք ոչ միայն այդ բարեկարգումները որդեգրելու, այլ նաեւ զանոնք գործադրելու համար»:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան կառավարութեան կազմութեան համար շնորհաւորեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը:

Ան Սալամին մաղթեց «յաջողութիւն` երկրին տնտեսական, ընկերային, ապրուստի, զարգացման, փտածութեան դէմ պայքարի, պետական հաստատութիւններու աշխատանքի վերականգնման, բոլոր ոլորտներուն մէջ բարեկարգումներու գործադրման եւ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու ճամբով ոտքի կանգնելու առաքելութեան մէջ»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց. «Կութիերես ողջունեց Լիբանանի մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ղեկավարութեամբ նոր կառավարութեան կազմութիւնը»:

«ՄԱԿ-ը անհամբեր կը սպասէ սերտ գործընկերութեամբ աշխատելու նոր կառավարութեան հետ անոր առաջնահերթութիւններուն շուրջ, ներառեալ թշնամական արարքներու դադրեցման եւ թիւ 1701 որոշումի (2006) ամբողջական գործադրութիւնը` աջակցելով բոլոր ջանքերուն, որոնց նպատակն է լուծումը Լիբանանի բնակիչներուն հրատապ կարիքներուն եւ ձգտումներուն, ներառեալ առողջացման, վերաշինութեան, համապարփակ, միախմբող ու տեւական բարեկարգումի օրակարգի գործադրութիւնը»:

«ՄԱԿ-ը կը շեշտէ իր աջակցութիւնը Լիբանանի հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան ու քաղաքական անկախութեան, համաձայն Թաէֆի համաձայնութեան, Պաապտայի յայտարարութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 եւ 1559 որոշումներու եւ ազդու գործադրութեանը այլ առնչակից որոշումներու, որոնք կը շարունակեն Լիբանանի եւ շրջանի կայունութեան համար անհրաժեշտ մնալ», նշեց Տիւժարիք:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ժասեմ Պտիաուի ողջունեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը` մաղթելով, որ անիկա կը նպաստէ Լիբանանի մէջ կայունութեան ու բարգաւաճման երթի աջակցութեան եւ եղբայրական լիբանանցի ժողովուրդին աւելի բարգաւաճ ու ապահով ապագայի մը ձգտումներուն բաւարարման, ինչ որ կ՛ամրապնդէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ կը նպաստէ արաբական աշխարհին մէջ անոր պատմական դերակատարութեան վերականգնման:

Ան վերահաստատեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի Լիբանանի եւ անոր եղբայրական ժողովուրդին աջակցելու հաստատ դիրքորոշումը եւ խորհուրդի անդամ պետութիւններուն պատրաստակամութիւնը` շարունակելու Լիբանանի կողքին կանգնելու այն բոլորին մէջ, ինչ որ կ՛ապահովէ անոր անվտանգութիւնը, կայունութիւնն ու բարգաւաճումը:

Ան լիբանանեան նոր կառավարութեան յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան, Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի շահերուն ծառայելու եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն հետ հաստատ յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ շնորհաւորեց նախագահ Աունն ու վարչապետ Սալամը նոր կառավարութեան կազմութեան համար, եւ իր պաշտօնակից Ճօ Ռաժժիին իր առաքելութեան մէջ ամբողջական յաջողութիւն մաղթեց:

Էլիզէի պալատը յայտարարեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ»:

Ըստ Ֆրանսայի նախագահական պալատին, Մաքրոն Սալամի կառավարութեան կոչ ուղղած է «անհրաժեշտ տնտեսական բարեկարգումները կատարելու»` շեշտելով. «Ֆրանսան Լիբանանի կողքին կը կանգնի»:

Մաքրոն նաեւ շեշտած է «բոլոր կողմերուն Լիբանանի մէջ զինադադարի գործադրութեան նպաստելը»` Իսրայէլին կոչ ուղղելով «ամբողջացնելու հարաւային Լիբանանէն հեռացումը»:

«Ֆրանսան պատրաստ է նպաստելու Սուրիա-Լիբանան սահմանին վրայ կայունութեան հաստատման», աւելցուցած է Ֆրանսայի նախագահը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը` նշելով, որ անհամբեր կը սպասէ նոր կառավարութեան Լիբանանի խորհրդարանին վստահութեան արժանանալուն: Ան գնահատեց կառավարութեան կազմութեան «այս կարեւոր քայլը, որ պիտի նպաստէ եղբայրական Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման, եւ անոր արժանի եղած շրջանային կացութեան վերականգնման»:

«Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր քայլ է եղբայրական լիբանանցի ժողովուրդի ձգտումներուն իրագործման եւ Լիբանանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման նոր փուլի սկսման ուղղութեամբ», նշեց նախարարութիւնը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսաւ, որ պիտի շարունակէ եղբայրական Լիբանանին ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրել` անվտանգութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման իրագործման համար:

Նախորդը

Օրթէյկըսի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սահեր. «Լիբանանի Հետ Աւելի Լաւ Յարաբերութիւններու Առիթ Գոյութիւն Ունի»

Յաջորդը

Ակնարկ. Կազա – Ռիվիերա Ճանապարհին` Բոլորովին Այլ Պատկերներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?