Իսրայէլեան օդուժը հինգշաբթի գիշեր օդային յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Հումին Ֆաուքա եւ Ռումին գիւղերու մերձակայքին վրայ:
Աւելի ուշ, իսրայէլեան օդուժը 4 յարձակումներ գործեց Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Զապատանիի մերձակայքին վրայ, իսկ շուրջ ժամը 10:35-ին իրերայաջորդ 2 յարձակումներ գործեց Նապաթիէ գաւառի Պաֆրուա եւ Իզեթ գիւղերուն միջեւ գտնուող հովիտին վրայ:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Յարձակում գործեցինք Հըզպալլայի կողմէ զինադադարի համաձայնութեան խախտումներէ ետք»:
Ըստ անոր, յարձակումը թիրախաւորած է «Սուրիոյ հետ սահմանին ճամբով դէպի Լիբանան զէնքերու մաքսանենգման, ինչպէս նաեւ թիրախաւորուած շրջաններուն մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցի ստեղծման փորձեր»:
Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ թիրախաւորած է զինուորական երկու դիրքեր, որոնք Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի մարտական միջոցներ կ՛ընդգրկէին` նշելով, որ երկու դիրքերը «զինադադարի խախտում» կը ներկայացնէին: