Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կը շնորհաւորէ լիբանանցիները կառավարութեան կազմութեան համար, որովհետեւ լիարժէք կառավարութեան գոյութիւնը, «հակառակ մեր բոլոր առարկութիւններուն, աւելի լաւ է, քան մօտաւորապէս երկուքուկէս տարի ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան գոյութիւնը, ինչպէս նախապէս ըսինք, նախագահի ներկայութիւնը, թէեւ առանց մեր համաձայնութեան, դատարկութենէն լաւ է»:
Պասիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական մարմինի ժողովէն ետք ըսաւ, որ ինք նաեւ կը շնորհաւորէ նոր նախարարները, «որոնց շարքին բնականաբար բազմաթիւ բարեկամներ, կարողներ եւ լաւ վարկ ունեցողներ կան, եւ անոնց յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց աշխատանքին մէջ: Պայմանները մեզի դէմ էին, եւ հակառակ ատոր բազմաթիւ ծրագիրներ մշակեցինք եւ գործադրեցինք, սակայն ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ երկիրը քաղաքացիական պատերազմի մէջ չներքաշելու գինը վճարեցինք, եւ կը մաղթենք, որ պայմանները անոնց օգնեն, այնքան ատեն որ Լիբանանի վրայ արգելքն ու պաշարումը վերացած է, եւ այժմ ապահովուած միջազգային մղումը կրնայ զիրենք կարող դարձնել պէտք եղած ձեռքբերումը ունենալու»:
«Միակ խումբն էինք, որ նախագահ Ժոզեֆ Աունին չքուէարկեցինք, եւ բնական է, որ ընդդիմութիւն ըլլանք, սակայն վարչապետ Նաուաֆ Սալամի առաջադրման մէջ մեր հիմնական ու առանցքային մասնակցութեամբ բնականաբար կառավարութեան մեր մաս կազմելը բացառուած չէր», նշեց Պասիլ: