Երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ ինք նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հասած է փակուղիի` նշելով. «Կը պատրաստեմ կիրակի օր Աքքարի մէջ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ հանդիպումը` զանոնք մթնոլորտին մէջ դնելու համար»:
Պաարինի «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Մենք յայտարարութիւններուն նշաձողը անձնական շահերու համար չենք բարձրացներ, այլ հասարակական շահին ու մեր շրջանի շահին համար, եւ վերջ տալու համար մեկուսացման, որմէ տարիներէ ի վեր կը տառապինք»:
«Կը սպասենք նոր կառավարութեան ծնունդին, որմէ ետք երեսփոխան գործընկերներուս հետ ժողովէն ետք պիտի որդեգրենք վստահութեան քուէ շնորհելու կամ չշնորհելու վերաբերեալ մեր կեցուածքը», նշեց երեսփոխանը:


