Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրթէյկըս Լիբանանի Նախագահական Պալատէն Յայտարարեց. «Իսրայէլ Պարտութեան Մատնեց Հըզպալլան, Եւ Մենք Երախտապարտ Ենք Անոր. Հըզպալլային Պիտի Չարտօնենք Կառավարութեան Մաս Կազմել»

Փետրուար 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս երէկ այցելեց Լիբանան: Ան Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անոր փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի շնորհաւորութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները` ընդգծելով Միացեալ Նահանգներուն աջակցութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն:

Օրթէյկըս հանդիպումէն ետք նախագահական պալատէն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ աշխարհի վրայ լիբանանցիներուն մօտ «այս երկրին ապագային վերաբերեալ այսքան խանդավառութիւն չեմ տեսած: Կը կարծեմ, որ ատիկա մեծ մասամբ Իսրայէլի կողմէ Հըզպալլայի պարտութեան պատճառով է, եւ մենք երախտապարտ ենք մեր դաշնակից Իսրայէլին Հըզպալլան պարտութեան մատնելուն համար, եւ նախագահ Աունին ու նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին, ինչպէս նաեւ այս կառավարութեան փտածութեան վերջ տալու եւ բարեկարգումներ կատարելու յանձնառու բոլոր անդամներուն: Հաստատօրէն Հըզպալլան ոեւէ ձեւով այս կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ եւ ապազինեալ ու պարտուած կը մնայ»:

«Շատ կարեւոր է, որ լիբանանցի ժողովուրդը իմանայ, որ յանձնառու եմ այս երկրին նկատմամբ, եւ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են այս նոր կառավարութեան հետ բարեկամութեան ու գործընկերութեան կապերուն: Մեծ յոյս ունինք, եւ այս յոյսը կը բխի մեր գիտնալէն, թէ այս կառավարութեան մէջ կան այրեր ու կիներ, որոնք պարկեշտ ու թափանցիկ են, եւ պիտի երաշխաւորեն փտածութեան եւ Հըզպալլայի ազդեցութեան վերջ տալու սկիզբը, եւ սկսելու աւելի լաւ երկրի կառուցման համար բարեկարգումներու գործադրման, Լիբանանին համար, որուն արժանի է անոր ամբողջ ժողովուրդը», նշեց Օրթէյկըս:

«Ինչպէս նախագահ Աունին ըսի, չենք ուզեր Լիբանանը նկատել միայն օգնութեան կարիք ունեցող երկիր մը, այլ դուք հոյակապ ու զարգացած երկիր էք, որ արժանի է մեծ գործարարներու եւ ընկերութիւններու ներդրումներու վայր դառնալու: Կ՛ուզենք Լիբանանը ամբողջութեամբ վերադարձնել Միջին Արեւելքի մէջ իր դիրքին, եւ գիտեմ, որ միասնաբար ատիկա պիտի իրագործենք», աւելցուց ան:

«Հըզպալլայէն չեմ վախնար եւ անկէ երբեք չեմ սարսափիր, որովհետեւ զինուորական գետնի վրայ պարտուեցաւ: Միացեալ Նահանգներու մէջ յստակ կարմիր գիծեր ճշդեցինք, եւ անոնց պիտի չարտօնենք լիբանանցի ժողովուրդը սարսափեցնել, ներառեալ կառավարութեան մաս կազմել: Լիբանանի եւ աշխարհի վրայ Հըզպալլայի ահաբեկչութեան աւարտի ժամանակաշրջանը սկսաւ, եւ ատիկա վերջ գտաւ», աւելցուց ամերիկացի պաշտօնատարը:

«Ամերիկան յանձնառու է այս երկրին հետ գործընկերութեան, եւ մեծ յոյսեր ունինք, որովհետեւ գիտենք, թէ հաւաստի ու յանձնառու անձեր ունինք, եւ անոնք պիտի ապահովեն, որ փտածութիւնը վերջ գտնէ, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ազդեցութիւնը վերջ գտնէ», նշեց Օրթէյկըս:

«Յանձնառու ենք Իսրայէլի այս ամսուան 18-ին Լիբանանէն հեռացման», նշեց Օրթէյկըս` շեշտելով. «Մենք խիստ կերպով յանձնառու ենք այդ թուականին»:

Աւելի ուշ, Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց. «Միջին Արեւելքի ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի Պաապտայի պալատէն յայտարարած կարգ մը բաները անոր տեսակէտներն են, եւ նախագահութիւնը անոնց առնչակից չէ»:

Օրթէյկըսի յայտարարութիւնները բողոքի ալիք բարձրացուցին: Քաղաքացիներ իբրեւ բողոք օդակայանի մուտքին նստացոյց կատարեցին: Անոնք նաեւ Մարզական աւանին մէջ ճամբան փակեցին:

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Լիբանանը միայն լիբանանցիներուն է: (…) Հըզպալլան չպարտուեցաւ եւ պիտի չպարտուի»` աւելցնելով. «Լիբանանը Ամերիկայի եւ Իսրայէլի գաղութատիրութիւն պիտի չըլլայ»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի ղեկավար երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի յայտարարութիւնը բացայայտ միջամտութիւն է լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ շեղում դիւանագիտական ամէն բարոյագիտութենէ ու միջազգային յարաբերութիւններու կանոններէն»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հըզպալլայի Լիբանանի կառավարութեան մաս կազմելը մերժող ամերիկեան դիրքորոշման մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց. «Կը յուսանք, որ Լիբանանի վարչապետը ճգնաժամը լուծելու ձեւ մը գտնէ»:

«Ամբողջական վստահութիւն ունինք բոլոր լիբանանցիները ներկայացնող կառավարութիւն մը կազմելու Լիբանանի իշխանութիւններուն կարողութեան վրայ», նշեց նախարարութիւնը:

Օրթէյկըս երէկ նաեւ այցելեց հարաւային Լիբանանի սահմանային գօտի:

 

Նախորդը

Հայըաթ Թահրիր Շամը Հերմելի Շրջանին Մէջ Ժըրմաշ Եւ Քուախ Գիւղերը Կը Թիրախաւորէ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահ Թրամփին` Միջամտելու Ազրպէյճանի Մօտ Հայ Գերիներու Ազատագրման

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?