Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Ստի «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ գերիշխանական դիրքորոշման համամիտ ենք, անձնական հին յարաբերութիւն ունիմ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, եւ այսօր կարեւորագոյնը քաղաքացիի ձգտումներուն իրագործման համար մէկ միասնական խումբ ըլլալն է»:
«Մեհրապի մէջ հանդիպումին նպատակը կարգ մը գործընկերներու հետ ծանօթանալու բնական խնդիրն էր, Ժահժահին շնորհակալութիւն յայտնեցինք անոր վստահութեան համար եւ կարեւոր կէտեր քննարկեցինք», նշեց Ստի:
«Նախարարութիւն չեկայ զիս նախորդած իւրաքանչիւր նախարարի նիշ տալու համար, այլ եկայ գործս կատարելու եւ մշակելու տեւական լուծում մը, եւ կը մերժեմ 24 ժամ տեւողութեամբ ելեկտրականութեան մատակարարման ժամկէտ խոստանալ, սակայն ունիմ ծրագիր մը եւ գաղափարներ, զորս պէտք է սերտել», ըսաւ ուժանիւթի նախարարը:
«Լիբանանցիներուն կը խոստանամ, որ ծրագիրը անոնց պիտի ներկայացնեմ, երբ պատրաստ ըլլայ, եւ անոնց պիտի բացատրեմ բոլոր մանրամասնութիւնները, եւ կան գործադրելի բազմաթիւ հարցեր, որոնցմէ է ելեկտրականութեան ապահովումը», յայտարարեց ան:
«Կազի եւ քարիւղի թղթածրարը առաջնահերթ պիտի ըլլայ, եւ տեղեկութիւն չունիմ Լիբանանի մէջ կազի գոյութեան մասին, սակայն կը նախատեսուի, որ կայ, որովհետեւ կազ կայ Կիպրոսի եւ Իսրայէլի մէջ, որոնք Լիբանանին մօտիկ աշխարհագրութիւն ունին», աւելցուց Ստի:
«Պէտք է բարելաւել ջուրի հաստատութիւններուն աշխատանքը, գնահատել իրավիճակը, կարգաւորել թղթածրարները, եւ ջուրը կրնայ Լիբանանի կապոյտ ոսկին ըլլալ», ըսաւ նախարարը: