Սուրիոյ սահմաններու անվտանգութեան վարչութեան արեւմտեան շրջանի հրամանատար Մուապպատ Սալամէ յայտնեց. «Անցեալ շաբաթ երկրին արեւմտեան սահմաններուն վրայ մաքսանենգումի գործողութիւնները զսպելու նպատակով մեր ձեռնարկած խուզարկութիւններուն ընթացքին սուրիական Հուայեք, Ժրմաշ, Ուատի Հուրանի եւ Աքում գիւղերուն մէջ բախումներ տեղի ունեցան»:
Ան Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին պնդեց. «Լիբանանեան սահմանին վրայ գտնուող մաքսանենգման աւազակախումբերուն մեծամասնութիւնը կը պատկանին Հըզպալլային, որ թմրեցուցիչի եւ զէնքի մաքսանենգները հովանաւորելու ճամբով սուրիական սահմանին վրայ ներկայութեամբ սպառնալիք կը ներկայացնէ»:
«Նախկին վարչակարգը իր կարգին Սուրիա-Լիբանան սահմանը վերածեց Հըզպալլայի հետ գործակցութեամբ թմրեցուցիչի առեւտուրի միջանցքներու, ինչ որ նպաստեց սահմանամերձ շրջաններուն մէջ զէնքերու մաքսանենգման աւազակախումբերու ներկայութեան», նշեց Սալամէ:
«Մեր ուժերը խուզարկումի արշաւի ընթացքին յաջողեցան հաշիշի եւ քեփթակոնի արտեր, պահեստանոցներ, արտադրման ու տուփերու մէջ տեղաւորման գործարաններ, ինչպէս նաեւ կեղծ դրամներու տպարաններ գրաւել: Այդ շրջանը նշեալ աւազակախումբերուն տնտեսական շնչերակն էր: Ինչպէս նաեւ Լիբանանի հետ սահմանային շրջաններուն մէջ գրաւեցինք զէնքերով ու թմրեցուցիչով բեռնաւորուած բեռնակառքեր, որոնք կ՛ուղղուէին սահմանը անցնելու», պնդեց սուրիացի պաշտօնատարը:
«Կ՛ընդգծենք, որ լիբանանեան հողերը չթիրախաւորեցինք, հակառակ Հըզպալլայի կողմէ մեր միաւորներուն ռմբակոծման, եւ մեր գործողութիւնները սահմանափակուեցան սահմանին կից եղող սուրիական գիւղերով, թիրախաւորեցին զէնքերու մաքսանենգման աւազակախումբերն ու անոնց կողքին կռուողները», աւելցուց Սալամէ:
«Նաշրա» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը տեղակայուած է Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ, Քանաֆեզէն Տաուրա ժուսի եւ Հաուշ Սէյիտ Ալի երկարող շրջանին մէջ եւ հողաթումբերով փակած բոլոր ապօրինի ճամբաները` պահպանելու համար անվտանգութիւնը եւ արգիլելու համար զինեալներու եւ զէնքի ու թմրեցուցիչի մաքսանենգներու Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ երթեւեկը: