Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Չենք Ընդունիր Երկու Չափ Երկու Կշիռի Կառավարութեան Մը Մէջ Ըլլալ. Արժեչափերը Կա՛մ Բոլորիս Համար Են, Կա՛մ Ոչ Ոքի»

February 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Չենք ընդունիր երկու չափ երկու կշիռի կառավարութեան մը մէջ ըլլալ. արժեչափերը կա՛մ բոլորիս համար են, կա՛մ ոչ ոքի: Այդ բոլորը անյստակ արժեչափերուն պատճառով է, եւ այդ արժեչափերուն բացակայութիւնը արգելք հանդիսացաւ կառավարութեան կազմութեան»:

«Կողմնակալութիւն կայ (լիբանանեան հասարակութեան) բաղադրիչ մասերուն միջեւ. տիւրզիներուն մօտ անուններուն ու աթոռներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, շիիներուն մօտ իրենք առաջադրեցին եւ վարչապետը համաձայնեցաւ, ինչպէս նաեւ անոնց տուին ելեւմուտքի նախարարութիւնը, եւ երբ անունին առարկեց, պատասխան ստացաւ, թէ այս է առաջին, 2-րդ եւ 10-րդ անունը», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով. «Ինչ կը վերաբերի 5-րդ շիի անունին, ապա ան այսօր արտասահմանէն եկաւ եւ Պաապտայի պալատէն ուղղակի յայտարարութիւն կատարեց, որպէսզի միայն շիիները կարողութիւնը չունենան կառավարութիւնը տապալելու»:

«Քրիստոնեաներուն եւ սիւննիներուն մէջ նշանակեալ վարչապետն է, որ կ՛առաջադրէ, եւ զաւեշտականը այն է, որ առնչակից քրիստոնէական խումբը փորձեց իր պարտութիւնն ու վարկաբեկումը յաղթանակի վերածել: Ան արդէն լրատուամիջոցներուն ճամբով յայտարարած էր, որ կը մերժէ նախարարական այդ աթոռները, եւ իրականութեան մէջ անոնք վարչապետը վերցուց», ըսաւ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը` նշելով. «Մենք մերժեցինք, որ ատիկա մեզի հետ կատարուի, Եւ Լիբանանեան ուժերու համամտութիւնը անոր ընդունելու ծածկոյթ տրամադրեց եւ քրիստոնեաներուն նոր փորձանք բերաւ»:

«Չենք ընդունիր, որ ոեւէ մէկը ինք առաջադրէ ան, որ մեզ կը ներկայացնէ, եւ մեր չափէն նուազ ստանանք: Ասիկա իրաւունքն է անոնց, որոնց կը ներկայացնենք», շեշտեց Պասիլ:

Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին կոչ ուղղեց սրբագրելու կառավարութեան կազմութեան ընթացքը, «եւ ան կարող է զայն արդար կերպով կազմել»:

«Չենք կրնար Ամալ-Հըզպալլա երկեակին հետ դաշնակցիլ կառավարութիւնը տապալելու կամ անոր աշխատանքը ջլատելու համար, եւ ոչ մէկ կողմ կրնայ հաւասարակշռութիւններուն լոյսին տակ կառավարութեան աշխատանքը ջլատել բացի հանրապետութեան նախագահէն ու վարչապետէն», ըսաւ Պասիլ:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Լիբանանի Մէջ Ոմանց Իսրայէլի Յարձակումները Ընդդէմ Այլ Խումբի Օգտագործելու Պատրանքէն Կը Զգուշացնէ

Յաջորդը

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

RelatedPosts

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ  Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»

October 14, 2026
Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի  Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման  Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

October 14, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.