Լիբանանեան

«Եօթներու Խմբակը» Ողջունեց Լիբանանի Մէջ  Արձանագրուած Դրական Վերջին Զարգացումները

«Եօթներու Խմբակը» Ողջունեց Լիբանանի Մէջ Արձանագրուած Դրական Վերջին Զարգացումները

«Եօթներու խմբակ»-ը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց «սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ իր յանձնառութիւնը եւ զօրակցութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին վրայ հիմնուած համապարփակ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթի մը»` շեշտելով «սուրիական գերիշխանութեան ու հողերու ամբողջականութեան կարեւորութիւնը»: Միւնիխի մէջ անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը ողջունեց «Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին դրական զարգացումներն ու Լիբանանի նախագահի ընտրութիւնը»: «Եօթներու խմբակ»-ը վերահաստատեց «իրենց յանձնառութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի...

Հարպ. «Լիբանան Պէտք Է Օժանդակութիւններ  Ստանալու Համար Բարենորոգման Եւ Հըզպալլայի  Գործով Զբաղելու Ժամկէտ Ճշդէ»

Հարպ. «Լիբանան Պէտք Է Օժանդակութիւններ Ստանալու Համար Բարենորոգման Եւ Հըզպալլայի Գործով Զբաղելու Ժամկէտ Ճշդէ»

Ամերիկեան-միջինարեւելեան դաշինքի տնօրէն Թոմ Հարպ յայտնեց. «Քոնկրեսը Լիբանանին պատգամ կ՛ուղղէ` օժանդակութիւններու դիմաց 6 ամսուան ընթացքին միլիսները ապազինելու»: Հարպ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Գոյութիւն ունի ամերիկեան տեսակէտ մը, ըստ որուն, Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ 5 կէտերու վրայ կը մնայ մինչեւ Հըզպալլայի ապազինումը եւ պետութեան ու բանակին իրենց դերերը կատարելը»: «Լիբանան պէտք է օժանդակութիւններ ստանալու համար կառավարութեան ծրագիրին մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Շարք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քաթար, միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցաբար կ՛աշխատի հասնելու միջազգային համաձայնութեան մը, որ կ՛ամրապնդէ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը եւ կ՛երաշխաւորէ զինադադարի գործադրումը: «Շարք» կ՛ընդգծէ, որ Տոհան կը զօրակցի լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն, երկրի գերիշխանութեան ու ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը ոլորտներու մէջ անհրաժեշտ բարեկարգումներու կատարման ձգտող ջանքերուն: - ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած...

Լիբանանցի Ցուցարարներ Շարունակեցին Բողոքը  Իրանեան Քաղաքային Օդանաւերու Թռիչքներուն  Արգիլման Դէմ Եւ Հրկիզեցին ՖԻՆԻՒԼ-ին Պատկանող Ճիփ Մը

Լիբանանցի Ցուցարարներ Շարունակեցին Բողոքը Իրանեան Քաղաքային Օդանաւերու Թռիչքներուն Արգիլման Դէմ Եւ Հրկիզեցին ՖԻՆԻՒԼ-ին Պատկանող Ճիփ Մը

Իրանեան քաղաքային օդանաւի մը Պէյրութի միջազգային օդակայան էջքը արգիլելու լոյսին տակ հինգշաբթի երեկոյեան սկսած ժողովրդային բողոքի շարժումները շարունակուեցան ուրբաթ, 14 եւ շաբաթ, 15 փետրուար 2025-ին: Ուրբաթ օր աւելի կանուխ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարած էր, որ նախարարութիւնը մօտէն կը հետեւի իրանեան օդանաւի եւ Լիբանան վերադառնալ փափաքող լիբանանցիներու թղթածրարին` նշելով միաժամանակ, որ նախարար Ֆայեզ Ռասամնի ուղղակիօրէն կը հետապնդէ...

Սաատ Հարիրի Շեշտեց Իր Զօրակցութիւնը  Իշխանութեան Եւ Կառավարութեան.  «Մուսթաքպալ Հոսանքը Պիտի Մնայ  Եւ Ներկայութիւն Պիտի Ըլլայ Յառաջիկայ Ազգային  Իրադարձութիւններուն Մէջ»

Սաատ Հարիրի Շեշտեց Իր Զօրակցութիւնը Իշխանութեան Եւ Կառավարութեան. «Մուսթաքպալ Հոսանքը Պիտի Մնայ Եւ Ներկայութիւն Պիտի Ըլլայ Յառաջիկայ Ազգային Իրադարձութիւններուն Մէջ»

Ուրբաթ, 14 փետրուար 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 12:00-էն սկսեալ, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 20-ամեակի ոգեկոչման հանրահաւաքը: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն հաւաքին մասնակցեցան բազմահազար լիբանանցիներ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամներ ու համակիրներ: Հաւաքին օրուան պատգամը ուղղելէ առաջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, իր հօրեղբօր եւ հօրաքրոջ ընկերակցութեամբ այցելեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող դամբարանը` աղօթելու...

«Կը Շարունակենք Ազդեցիկ Պետութիւններու Հետ  Հաղորդակցութիւնները` Իսրայէլին 18 Փետրուարին  Հեռանալ Ստիպելու Համար»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

«Կը Շարունակենք Ազդեցիկ Պետութիւններու Հետ Հաղորդակցութիւնները` Իսրայէլին 18 Փետրուարին Հեռանալ Ստիպելու Համար» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի սենտիքայէն պատուիրակութեան մը հետ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աուն ըսաւ, որ իր ձգտումն է կառուցել երկիր մը, ուր մեր զաւակներն ու թոռները հանգիստ կ՛ապրին, եւ թէ ինք վստահ է, որ ունինք այն կարողութիւններն ու ներուժը, որոնք մեզի կ՛արտօնեն այդ նպատակը իրագործել»: Քաաքի նշեց, որ նախագահ Աուն շեշտած է, թէ...

Իրանեան Օդանաւի Մը Էջքը Արգիլելէ Ետք  Ցուցարարներ Կը Փակեն Պէյրութի  Միջազգային Օդակայանի Ճամբան

Իրանեան Օդանաւի Մը Էջքը Արգիլելէ Ետք Ցուցարարներ Կը Փակեն Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ճամբան

Երէկ երեկոյեան, իրանեան օդանաւի մը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ էջքի արգիլման վերաբերող լուրերու տարածումէն ետք, մեծաթիւ ցուցարարներ այրող անիւներով փակեցին օդակայանի ճամբան` Հըզպալլային զօրակցող կարգախօսներ արձակելով: Սկզբունքով այս օդանաւով պիտի վերադառնային Իրան այցելած լիբանանցիներ:

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Պաշտօնապէս Ստանձնեց  Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Հարցերու Նախարարութիւնը

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Պաշտօնապէս Ստանձնեց Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Հարցերու Նախարարութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ պաշտօնապէս նախկին նախարար Ժորժ Քալլասէն ստանձնեց իր պաշտօնը: Քալլաս շնորհաւորեց նախարար Պայրագտարեանը` «իշխանութեան ամենայն բարիք խոստացող առաջին կառավարութեան» անդամ նշանակուելուն առիթով, եւ ըսաւ. «Ես ուրախ եմ, որ յանձնումն ու ստանձնումը տեղի կ՛ունենան երկու դասախօսներու միջեւ Լիբանանեան համալսարանի, որ միշտ կոչուած է «հանրապետութեան խորհրդատուն», եւ յաջողութիւն մաղթեց նոր նախարարին: Պայրագտարեան յայտնեց. «Ուրախ...

Ատրահիի Պնդումով` Իրանն Ու Հըզպալլան Քաղաքային Թռիչքներու Ճամբով Պէյրութի Օդակայանը Կ՛օգտագործեն Գումարներ Մաքսանենգելու Համար

Ատրահիի Պնդումով` Իրանն Ու Հըզպալլան Քաղաքային Թռիչքներու Ճամբով Պէյրութի Օդակայանը Կ՛օգտագործեն Գումարներ Մաքսանենգելու Համար

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց. «Իրանեան «Քուտս» զօրամասը եւ Հըզպալլան վերջին շաբաթներուն ընթացքին Պէյրութի միջազգային օդակայանը կ՛օգտագործեն քաղաքային թռիչքներու ճամբով Իսրայէլի վրայ յարձակումներ գործելու նպատակով Հըզպալլային զինման յատկացուած գումարներ մաքսանենգելու համար»: «Իսրայէլեան բանակը կապի մէջ կը մնայ զինադադարի գործադրութեան հսկողութեան մեքանիզմի յանձնախումբին հետ, եւ շարունակ որոշ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ այդ փոխանցումները ձախողութեան մատնելու համար», ըսաւ Ատրահի: Իսրայէլեան բանակի բանբերը...

Ըստ «Ժատիտ»-ի.  Օրթէյկըս 16 Փետրուարին Պիտի Վերադառնայ Պէյրութ` 18 Փետրուարին Իսրայէլեան Հեռացման Շուրջ Վերջին Բանակցութիւններու Համար

Ըստ «Ժատիտ»-ի. Օրթէյկըս 16 Փետրուարին Պիտի Վերադառնայ Պէյրութ` 18 Փետրուարին Իսրայէլեան Հեռացման Շուրջ Վերջին Բանակցութիւններու Համար

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 18 փետրուարը կը սպասուի հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերու հեռացման վերջնական ժամկէտը ըլլալ: Պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Իսրայէլ զինադադարի առաջին երկարաձգումէն առաջ փորձեց ճնշում բանեցնել, որպէսզի իր զգայուն նկատած եւ բնակեցման վայրերուն վերահսկող հինգ դիրքերու վրայ իր կեցութիւնը գրեթէ մնայուն դառնայ, սակայն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութենէն կտրուկ մերժում ստացաւ»: «Փարիզ բանակցութիւններուն մէջ միջնորդի դեր կատարեց: Մաքրոն մէկէ...

Հաուաթ. «Կառավարութեան Մեր Զօրակցութեան  Համեմատութիւնը Կախեալ Է Որոշումներու  Եւ Խոստումներու Կատարումէն»

Հաուաթ. «Կառավարութեան Մեր Զօրակցութեան Համեմատութիւնը Կախեալ Է Որոշումներու Եւ Խոստումներու Կատարումէն»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Զիատ Հաուաթ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ Սուրիա-Լիբանան սահմաններուն եւ ապօրինի անցակէտերուն վրայ տեղի կ՛ունենայ, սահմանները վերահսկողութեան տակ չառնուելուն պատճառով է, եւ ՖԻՆԻՒԼ-ը պէտք է Սուրիոյ եւ Իսրայէլի հետ Լիբանանի ամբողջ սահմանին վրայ տեղակայուի»: «Հըզպալլան չի կրնար զէնքին կառչիլ, եւ կառավարութեան մեր զօրակցութեան համեմատութիւնը կախեալ է որոշումներու եւ խոստումներու կատարումէն,...

Պու Սաապ. «Մինչեւ Հիմա Հարաւային Լիբանանէն  Իսրայէլեան Հեռացման Հարցին Մէջ Յստակութիւն Չկայ»

Պու Սաապ. «Մինչեւ Հիմա Հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլեան Հեռացման Հարցին Մէջ Յստակութիւն Չկայ»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ «Սաութ Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Մինչեւ հիմա հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան հեռացման հարցին մէջ յստակութիւն չկայ: Թշնամին զինադադարէն ետք յաւելեալ գրգռութիւններ կը կատարէ»: «Լիբանանեան բանակը պէտք է ստանձնէ հարցերը, եւ եթէ իսրայէլացի թշնամիին հետ բախումի կացութեան հասնի, ապա պէտք է ամբողջ Լիբանանը բանակին թիկունք կանգնի», յայտնեց Պու Սաապ: «Այսօր առիթ ունինք աւելի մեծ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նախագահը հրաւէր ստացաւ մասնակցելու Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիետտինի յուղարկաւորութեան: - ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Հայտար նախկին նախարար Մուսթաֆա Պայրամէն պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ընթացքին յայտնեց. «Աշխատանք պիտի տանինք` բոլոր առնչակից նախարարութիւններուն հետ համակարգումով նուազագոյն աշխատավարձը բարելաւելու»: «Պիտի աշխատինք բարելաւելու աշխատանքի...

Նախագահ Աուն Իսրայէլի Հեռացումը Մինչեւ  18 Փետրուար Ամբողջացնելու Համար  Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներուն  Կողմէ Ճնշումի Կոչ Կ՛ուղղէ

Նախագահ Աուն Իսրայէլի Հեռացումը Մինչեւ 18 Փետրուար Ամբողջացնելու Համար Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներուն Կողմէ Ճնշումի Կոչ Կ՛ուղղէ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Փորթուգալի արտաքին գործոց նախարար Փաոլօ Ռանճիլի հետ եւ անոր կոչ ուղղեց, որ «Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները ճնշում բանեցնեն, որպէսզի Իսրայէլի հեռացումը մինչեւ ճշդուած ժամկէտ` 18 փետրուար ամբողջանայ»: «Լիբանան կը զօրակցի Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան եւ կը մերժէ այն առաջարկները, որոնք կը յանգեցնեն պաղեստինցիներուն իրենց հողերէն տեղահանման որեւէ տարբերակի կամ կ՛ոտնահարեն անոնց օրինական...

Լիբանան Կը Հերքէ Իսրայէլի Հարաւային  Լիբանանէն Հեռացման Ժամկէտի Երկարաձգման Շուրջ  Համաձայնութեան «Հատաս»-ի Լուրը

Լիբանան Կը Հերքէ Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանէն Հեռացման Ժամկէտի Երկարաձգման Շուրջ Համաձայնութեան «Հատաս»-ի Լուրը

Լիբանանի նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց. «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց լուր մը, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է զինադադարը Ռամատան ամիսէն եւ Ֆիթրի տօնէն ետք յետաձգելու շուրջ: Նախագահական պալատի տեղեկատուութեան գրասենեակը կու գայ շեշտելու, թէ այդ լուրը ճիշդ չէ, եւ Լիբանան այդպիսի տեղեկութիւն չստացաւ, եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունը մէկէ աւելի անգամ հաստատեց իսրայէլացի թշնամիի 18 փետրուարին...

Վարչապետարանէն Առաջին  Պատկերասփռուած Զրոյցի Ընթացքին.  Սալամ. «Վերաշինութեան Յանձնառու Ենք,  Եւ Պահ Դրուած Գումարներու Ջնջում Չկայ»

Վարչապետարանէն Առաջին Պատկերասփռուած Զրոյցի Ընթացքին. Սալամ. «Վերաշինութեան Յանձնառու Ենք, Եւ Պահ Դրուած Գումարներու Ջնջում Չկայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանէն «Թելէ Լիպան» պետական պատկերասփիւռի կայանին միջոցով իր պատկերասփռուած առաջին զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կ՛ուզենք վերատիրանալ վստահութեանը քաղաքացիներուն, որոնք մեծապէս տառապեցան ելեւմտական ու տնտեսական ճգնաժամերէն, որոնք աւելի քան վեց տարիէ ի վեր գոյութիւն ունին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն եւ Լիբանանի վրայ վերջին պատերազմէն»: Սալամ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Միջազգային աշխատանքի հարթակի կեդրոնական վիճակագրութիւնը կը նշէ, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն Իսրայէլէն պահանջած է յարգել 18 փետրուարին Լիբանանէն հեռանալու վերջնական ժամկէտը: Ամերիկացի պաշտօնատարը նշած է, որ Ուաշինկթընի դիրքորոշումը հնչած է, երբ Իսրայէլ խնդրած է Լիբանանէն իր ուժերու հեռացման ժամկէտը երկարաձգել: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ 5-7 կէտերէ պիտի չհեռանայ` երաշխաւորելու համար հիւսիսային Իսրայէլի...

Նոր Կառավարութիւնը Գումարեց  Իր Առաջին Նիստը

Նոր Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Առաջին Նիստը

Լիբանանի նոր կառավարութիւնը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր առաջին նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի: Նախքան այդ, տեղի ունեցաւ նախագահ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ եռակողմ ժողով մը, ապա նոր կառավարութիւնը առնուեցաւ իր յիշատակի պաշտօնական լուսանկարը: Նախարարաց խորհուրդի առաջին նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ներկայացուց կառավարութեան որդեգրած որոշումները` նշելով. «Նախագահը բացումը կատարեց նախարարաց...

Մըթրի. «Կառավարութեան Աշխատանքային  Ծրագիրի Կէտերը Ծանօթ Են, Եւ Երդման Ճառը  Հիմնարար Փաստաթուղթ Է  Եւ Այդ Ծրագիրին Հիմը Պիտի Ըլլայ»

Մըթրի. «Մարդոց Սպասումները Բարձր Են, Սակայն Կը Կարծեմ Կարելի Է Քաղաքացիին Վստահութիւնը Շահիլ»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի նշեց. «Կառավարութեան կազմութեան մթնոլորտը նոր է, սակայն քաղաքական ու սահմանադրական ամբողջական յեղաշրջման իմաստով փոխանցման կառավարութիւն չէ, այսուհանդերձ կարեւորագոյնը քաղաքացիներուն վստահութեան արժանի կառավարութիւն ըլլալն է»: Մըթրի «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մարդոց սպասումները բարձր են, սակայն կը կարծեմ, որ կարելի է քաղաքացիին վստահութիւնը շահիլ, երբ մարդոց հետ վարմունքին մէջ անկեղծութիւն կայ, եւ սկսինք ընթանալ բարեկարգման ուղիով: Վստահ եմ, որ...

Իսրայէլեան Ուժ Մը Յառաջացաւ  Դէպի Քանթարա Եւ Ուատի Հուժէյր

Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդ. «Իսրայէլ Լիբանանի Մէջ Իր Ուժերու Կեցութեան Երկարաձգումը Չխնդրեց»

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը 18 փետրուարին իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան հողերէն հեռանալու պայմանաժամին ակնարկելով սէուտական «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Իսրայէլ Լիբանանի մէջ իր ուժերու կեցութեան երկարաձգումը չխնդրեց»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը նախապէս հաղորդած էր, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Ուաշինկթընի մէջ իր հանդիպումի ընթացքին խնդրած է «քանի մը շաբաթով յետաձգել Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերու...

Page 140 of 986 1 … 139 140 141 … 986

Արխիւներ