Կիրակի օր, կեդրոնական Պէյրութի Սեն Ժորժ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Մարոնի տօնին առիթով պատարագ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, առաջին տիկին Նեհմաթ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ բազմաթիւ երեսփոխաններ, նախկին վարչապետներ, նախկին երեսփոխաններ ու քաղաքական դէմքեր:
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ խօսքը նախագահ Աունին ուղղելով յայտնեց. «Աւելի քան երկու տարի տեւած դատարկութենէն ետք, ձեր նախագահ ընտրութեամբ Սուրբ Մարոնի տօնին փայլքը վերադարձուցինք, եւ ձեր ընտրութեամբ լիբանանցիներու, արաբական ու արեւմտեան պետութիւններու սրտերուն մէջ վստահութիւնը վերականգնեցաւ»:
«(Նախագահ Աունի ընտրութեամբ ստեղծուած) վստահութիւնը երէկ աճեցաւ կազմութեամբը «Բարեկարգման ու փրկութեան կառավարութիւն» որակուած նախարարաց խորհուրդի կազմութեամբ»` նշելով. «Բոլոր նախարարներն ալ խոստմնալից են, եւ անոնց յաջողութիւն կը մաղթեմ իրենց սպասող մեծ պարտականութեան մէջ»:
«Դադրեցուցէ՛ք ժամանակի վատնումի շարունակումը արդարադատական իշխանութեան տապալման, գերիշխանութեան ու արժանապատուութեան կորուստին, սահմանադրութեան նկատմամբ ոտնձգութեան եւ քաղաքական տագնապին մէջ, որովհետեւ ժողովուրդը անշարժութենէն խեղդուեցան, ուստի անոր լուծում մը տուէք», ըսաւ ան:
«Լիբանանի դիմագրաւած իսկական վտանգը անկումի առանցքին մէջ իյնալն է. որքան որ դրական չէզոքութեան վրայ պէտք է մնանք, նոյնքան ալ պէտք է կողմնակից ըլլանք քաղաքակրթութեան, զարթօնքին եւ բարձրորակութեան», նշեց մարոնիներու պատրիարքը:
«Առաջարկուող չէզոքութիւնը աւելի Լիբանանի միասնականութեան փրկութեան համար է, քան Լիբանանի գոյատեւման», շեշտեց Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով. «Չէզոքութիւնը ներքին անվտանգութիւն եւ արտաքին պաշտպանութիւն է»:
«Չէզոքութիւնը իւրայատկութիւններուն ու տարբեր անձնական համոզումներուն հակասող ծրագիր մը չէ, այլ գոյութեան համակարգ մը, որ կը պաշտպանէ բազմազանութիւնը անոր բոլոր երեսներով», ըսաւ ան: